ՆՈՐ ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻ
Սեփական լրատուութիւն.-
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, վերջին օրերուն Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարին» խորագրեալ գիտաժողովը յատկանշական ձեռնարկ մը դարձաւ 2015 թուականի ոգեկոչման մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ։ Գիտաժողովը առիթ հանդիսացաւ շահեկան խմորումներու, նաեւ ուրուագծեց նոր մտայնութեան մը ուղին։ Հեղինակաւոր մասնակիցներով ու բազմաբնոյթ զեկուցումներով, նաեւ ծաւալուն քննարկումներով այս ծրագիրը արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը՝ թէ՛ անաչառութեան եւ թէ մակարդակի առումով։ Շարք մը թուրք ակադեմականներու եւ մտաւորականներու աշխոյժ մասնակցութիւնն ալ վերածուեցաւ յաջողութեան յաւելեալ ազդակի մը։ Քառօրեայ աշխատանքին շրջագծով բոլոր գիտնականները առաւելագոյնս դրսեւորեցին իրենց մասնագիտական պաշարը եւ ընդհանուր արդիւնքը եղաւ իսկապէս պատկառելի։ Տուեալ բնագաւառին գրեթէ բոլոր երեսակներուն հանգամանալից անդրադարձ մը կատարուեցաւ, ինչ որ լայն տարողութիւն մը ապահովեց գիտաժողովին։ Կարճ խօսքով՝ աշխատանքային չորս օրերու ընթացքին վիթխարի գործ մը տեսնուեցաւ Փարիզի մէջ։
Թէեւ ընդհանրապէս զեկուցումները հետաքրքրական էին, կը կազմէին ամբողջ մը իրենց տեսակաւորութեամբ, սակայն նաեւ կ՚առանձնանային կարգ մը դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները։ Քաղաքագէտ ու լրագրող Կայծ Մինասեանի համոզմամբ, առողջ պատմագրութեան մը հասնելու համար՝ հայերը պէտք է փրկուին ինք-զինքնին «տուժած» կամ «վիրաւոր» կողմ զգալէ եւ պէտք է ցեղասպանութիւնը վերածեն պատմութեան մէկ առարկան։