ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍԷՐԿԷՅ ՆԱՐԻՇՔԻՆԸ

Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քին ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լեց ռուս բարձ­րաս­տի­ճան խորհրդա­րա­նա­կա­նը։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Նա­րիշ­քին քննար­կե­ցին հայ-ռու­սա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­կե­րու­թեան, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բո­լոր ո­լորտ­նե­րը նե­րառ­նող երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կագ­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ մը։ Եր­կուս­տեք ընդգ­ծուե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ դաշ­նակ­ցա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր դեր ու­նին միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն կը դրսե­ւո­րուին նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղով­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րը ու­նին կա­յուն եւ աշ­խոյժ բնոյթ եւ կը զար­գա­նան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հետ ներ­դաշ­նակ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն՝ հա­մարկ­ման նոր գոր­ծըն­թաց­նե­րու հա­մա­տես­քին մէջ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ, այդ ծի­րին մէջ անդ­րա­դառ­նա­լով նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի կա­յու­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015