ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Վիեննայի մէջ այսօր քննարկումներ կը ծաւալեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան) եւ Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կաս-պըրչիկ կ՚անդրադառնան Արցախի ճակատի բռնութեան նոր դէպքերուն եւ միջնորդական ջանքերուն։ Ըստ Ճէյմս Ուորլիքի, իրենք հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է դարձնեն առաջնահերթութիւն։
Մինչ այդ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վաղը ԵԱՀԿ-ի կողմէ մշտադիտարկում պիտի իրականացուի հայ-ազէրի սահմանին վրայ։
Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ յայտարարեց, որ իր երկրի ղեկավարը՝ Ֆրանսուա Օլանտ մեծ ներգրաւուածութիւն կը ցուցաբերէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Դեսպանին խօսքերով, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ կարգավիճակը անընդունելի է Փարիզի համար։
Ֆրանսացի դեսպանը յայտնեց, որ իր երկիրը անհանգստացած է սահմանի եւ շփման գծի վրայ լարուածութիւններու ուժեղացումէն։ Ֆրանսական կողմը ջանք չի խնայեր, որպէսզի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումէն եւ գործադրուած ճիգերէն յետոյ իրավիճակը չվատթարանայ։ Ըստ դեսպանին, բանակցուած լուծումը եւ Մատրիտեան երեք հիմնարար սկզբունքներու վրայ հիմնուած համապարփակ պայմանագիրը պէտք է շարունակ նախատեսելի ըլլան իսկ առկայ կարգավիճակը անընդունելի է։ Շարփանթիէ աւելցուց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը կոչուած է խաղաղ լուծումներ գտնելու հակամարտ կողմերու եւ տարածքաշրջանային այլ դերակատարներու հետ հանդիպումներու միջոցաւ։