«Թումօ»ի ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ բարձր ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ
Ֆրանսական We Demain ամսագիրը աշխարհի ամենանորարար դպրոցներու տասնեակի վարկանիշ կազմած է: Առաջին տեղը Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեսագիտութիւններու կեդրոնն է:
Տասնեակին մէջ են նաեւ հետեւեալ դպրոցները. Սիլիքոնեան հովիտի AltSchool-ը, Թոքիոյի Fuji Kindergarten-ը ու Steve Jobs Schools-ը, կը յայտնէ Թումոյի դիմատետրի էջը:
«Թումօ» կեդրոնը անվճար արտադպրոցական ծրագիր է, որով 12-18 տարեկան պատանիները կ՚ուսանին սեփական յանձնառութեամբ: Առաջին «Թումօ»ն ստեղծուած է Երեւանի մէջ՝ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ՝ Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի կողմէ եւ իր դռները բացած է աշակերտներու առջեւ 2011-ի Օգոստոս 14-ին: Կեդրոնական դրամատան «Գիտելիք յանուն զարգացման» ծրագրի շնորհիւ 2013-ի Փետրուարէն ի վեր «Թումօ»ն կը գործէ նաեւ Դիլիջանի մէջ, ուր ունի շուրջ 300 ուսանող։
«Թումօ»-ՀԲԸՄ գործակցութեամբ 2015-ի Մայիսին նաեւ բացուեցաւ Կիւմրիի «Թումօ» կեդրոնը: 2015-ի Սեպտեմբեր 2-ին «Թումօ» կեդրոն բացուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ: Կեդրոնի բացում կը սպասուի նաեւ Ջաւախքի մէջ: Գործակցութիւնը միտում ունի տարածել «Թումօ»ն Հայաստանի այլ քաղաքներով, ինչպէս նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս: