ԱՆՀՐԱԺԱՐԵԼԻ ԿԱՊԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ Ուաշինկթընի Միջուկային անվտանգութեան չորրորդ գագաթաժողովին առթիւ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, երէկ մէկտեղուեցաւ խումբ մը ակադեմականներու եւ վերլուծաբաններու հետ։ Ուաշինկթընի «Սենթ Ռեճիս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Էրտողան ըսաւ. «Թուրքիա կը ջանայ իրադարձութիւնները հունաւորել տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր ձեւով։ Հակուած ենք մտածել, որ ԱՄՆ մեր թիկունքին է ու մեզ կը հասկնայ»։
Իր ելոյթին մէջ Էրտողան կարեւորեց Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ձեւաւորուած գործընկերութիւնն ու դաշնակցութիւնը։ «Թուրքիոյ տեսակէտէ, ինչպէս անցեալի մէջ, այսօր եւս ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները կը կրեն անհրաժարելի բնոյթ։ Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք՝ որպէսզի մեր համագործակցութիւնը զարգացնենք հասարակց արժէքներու եւ փոխադարձ շահերու հիման վրայ։ Պիտի շարունակենք ընել նոյնը։ Ակնյայտ է, որ Թուրքիա-ԱՄՆ դաշնակցութիւնը անայլընտրանք է լուծման համար այն բոլոր հարցերու պարագային, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Այստեղ բուն խնդիրը այն է, որ այդ համագործակցութիւնը լիարժէք իմաստով արգասաբեր դառնայ թէ՛ ռազմավարական եւ թէ մարտավարական հարթութեան վրայ», մատնանշեց Էրտողան։
Հանրապետութեան նախագահը Ուաշինկթընի իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ մերձակայ տարածքաշրջաններէն ներս առկայ է վիթխարի անկում մը ու մարդկային ողբերգութիւն մը։ «Անկառավարելի քաղաքական դաշտերով լի աշխարհագրութենէ մը ներս Թուրքիա կը ջանայ իրադարձութիւնները հունաւորել՝ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր ձեւով։ Որքան որ ալ ատեն-ատեն առանձին զգանք՝ հակուած ենք մտածել, թէ ԱՄՆ մեր թիկունքին է ու մեզ կը հասկնայ», շարունակեց ան։
Էրտողանի համոզմամբ՝ այս մեծ անկման երկու հիմնական պատճառները կը համարուին՝ ահաբեկչութեան տարածուիլը եւ ներկայիս արդէն Եւրոպայի սահմաններուն հասած գաղթականաց ճգնաժամը։ Այս երկուքը անկման ամենաշօշափելի հետեւանքները կը հանդիսանան։ Եթէ կարելի չըլլայ կանխել Սուրիոյ եւ Իրաքի մասնատման գործընթացը, ապա արեւմտեան հասարակութիւնները դէմ յանդիման պիտի մնան շատ աւելի ծանրակշիռ հետեւանքներու։ Արդարեւ, համաշխարհայնացեալ աշխարհին մէջ սահմանները կ՚իմաստազրկուին եւ նման տագնապներու ազդեցութենէն զերծ չի կրնար մնալ ոեւէ մէկը։ Թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Իրաքի ճգնաժամերու պարագային ամենասկիզբէն ի վեր Թուրքիա սկզբունքօրէն որդեգրած է շինիչ դերակատարութիւն մը։ Սուրիոյ մէջ լուծում մը կարելի է գտնել միայն ժողովուրդի սպասումներուն համահունչ քաղաքական եղափոխութեան գործընթացով մը։ Իսկ Իրաքի պարագային պէտք է հաստատել այնպիսի դրութիւն մը, որով ուժի եւ անդորրութեան բաժանումը պիտի ըլլայ արդար, հաւասարակշռուած ու համապարփակ։
Իր ելոյթին մէջ Էրտողան շեշտեց, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը խորթ է տարածքաշրջանին, անոր պատմութեան, քաղաքական եւ ընկերային հէնքին։ Ուստի, Էրտողան մատնանշեց, թէ Թուրքիա ԻՇԻՊ-ի դէմ բոլոր հարթութիւններուն վրայ կը մղէ վճռական պայքար մը եւ աշխոյժ զօրակցութիւն կ՚ապահովէ միջազգային համապատասխան ջանքերուն։
Մինչ այդ, Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ ամերիկեան ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ։ Այսօր նախատեսուած է իր տեսակցութիւնը ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Իսկ երէկ, իր իջեւանած պանդոկին մէջ Էրտողան հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերին։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ուժանիւթի նախարար Պերատ Ալպայրաք, Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճ եւ Էրտողանի բաբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։ Կը հաղորդուի, որ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան հետ Էրտողան առաջնահերթօրէն կանգ կ՚առնէ Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Մանրամասն քննարկումներ կը կատարուին Թուրքիա-Սուրիա սահմանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման եւ ԵՓԿ-ի Հիւսիսային Իրաքէ ներս յառաջխաղացման շուրջ։
Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիա ՓԵՏ-ի պատճառով պիտի չսրդողի ԱՄՆ-ի հետ։