ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ժը­նե­ւի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ կա­րե­ւոր խորհր­դակ­ցու­թեան մը։ Սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րու խնդիր­նե­րուն ձօ­նուած բարձր մա­կար­դա­կով մի­ջազ­գա­յին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի խօս­քով բա­ցուե­ցաւ այս կա­րե­ւոր հա­ւա­քը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան աշ­խար­հի շուրջ յի­սուն եր­կիր­նե­րէն նա­խա­րար­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ եւ բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ժը­նե­ւի իր ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, թէ ներ­կա­յիս Սու­րիա­յէն շուրջ 20 հա­զար փախս­տա­կան­ներ ա­պաս­տան գտած են Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս­պէ­սով Հա­յաս­տան դար­ձած է բնակ­չու­թեան թի­ւի յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ Սու­րիա­յէն փախս­տա­կան­ներ ըն­դու­նած եր­րորդ եր­կի­րը Եւ­րո­պա­յի մէջ։ «Սա զգա­լի թիւ է ըն­դա­մէ­նը 3 մի­լիոն բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող երկ­րի մը հա­մար, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ար­դէն հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր փախս­տա­կան­ներ ըն­դու­նած էր Ատր­պէյ­ճա­նէն։ Յի­րա­ւի մենք լաւ գի­տենք, թէ ինչ կը նշա­նա­կէ ըլ­լալ փախս­տա­կան եւ ա­պաս­տան տալ մեծ թի­ւով տե­ղա­հա­նեալ­նե­րու եւ ան­շուշտ այս քննարկ­ման կը մաս­նակ­ցինք հա­մե­րաշ­խու­թեան ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բարձր զգա­ցու­մով», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Իր խօս­քին մէջ նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, թէ նման մեծ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու հա­սած մար­դա­սի­րա­կան ճգնա­ժա­մե­րու յաղ­թա­հա­րու­մը կը պա­հան­ջէ հա­մախմ­բում, ինչ որ վեր է ա­ռան­ձին երկ­րի մը ու­ժե­րէն։ Այս ճշմար­տու­թիւ­նը ի զօ­րու է փախս­տա­կան­ներ ըն­դու­նած իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի պա­րա­գա­յին, սա­կայն, հա­ւա­նա­բար, ա­ռա­ւել չա­փով կը վե­րա­բե­րի այն եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնք ու­նին սահ­մա­նա­փակ մի­ջոց­ներ։ «Կը փա­փա­քինք մի­ջազ­գա­յին վար­կա­տու հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ փախս­տա­կան­նե­րուն ա­պաս­տան տուած եր­կիր­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը պէտք է պայ­մա­նա­ւո­րուած ըլ­լայ միայն աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քով՝ այլ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ա­ռա­ւել ար­դար բաշխ­ման սկզբուն­քով՝ ա­ռանց ո­րե­ւէ տար­բե­րակ­ման՝ փախս­տա­կան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ո­գիին հա­մա­պա­տաս­խան», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Ժը­նե­ւեան ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան շեշ­տեց, որ փախս­տա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մը հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ բազ­մա­թիւ հար­ցեր կը բարձ­րաց­նէ՝ ոչ միայն եր­կիր­նե­րու անվ­տան­գու­թեան այլ փախս­տա­կան­նե­րու բնա­կեց­ման, զբա­ղուա­ծու­թեան, կրթու­թեան եւ հա­մարկ­ման եր­կա­րա­ժամ­կէտ խնդիր­նե­րուն ա­ռու­մով։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան մէջ­բե­րեց Ֆրի­տեոֆ Նան­սէ­նի հա­մո­զու­մը, թէ փախս­տա­կան­նե­րը, ո­րոնք կ՚ըն­կա­լուին որ­պէս ծանր բեռ, կրնան դառ­նալ կա­րե­ւոր ար­ժէք մը։ «Յի­րա­ւի, մեր եր­կիր­նե­րէն շա­տե­րուն պատ­մու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տեն այս խօս­քե­րուն ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը», ընդգ­ծեց Նալ­պան­տեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2016