ՀԱՐՎԸՐՏԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր կը մասնակցի Ուաշինկթընի Միջուկային անվտանգութեան չորրորդ գագաթաժողովին՝ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրին ընդառաջ։ Այս կապակցութեամբ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի ԱՄՆ։ Ուաշինկթըն հասնելէ առաջ վերջին օրերուն ան շփումներ ունեցաւ Մասաչուսէցի նահանգէն ներս։ Բազմաբնոյթ ու շատ կարեւոր ծրագիր մը կեանքի կոչեց ան Մասաչուսէցի մէջ։ Երէկ, Սերժ Սարգսեան հիւրընկալուցաւ Մասաչուսէցի նահանգապետ Չարլզ Պէյքըրի կողմէ։ Ան այցելեց նաեւ Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչըր իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցը։ Հարկ է նշել, որ «Դաւիթեան» կրթական ծրագրի շրջանակներէն ներս, համանուն հիմնարկի աջակցութեամբ այդ դպրոցէն ներս ուսանելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան Հայաստանէն երիտասարդներ, որոնք երկիր վերադառնալով կը ներդնեն իրենց գիտութիւնն ու ընդունակութիւնները։
Մասաչուսէցի մէջ Սերժ Սարգսեանի գործադրած ծրագրի կարեւորագոյն հանգրուաններէն մին ալ եղաւ Հարվըրտի համալսարանէն ներս ունեցած ելոյթը։ Աշխարհահռչակ այս հեղինակաւոր համալսարանի «Քենետի» կառավարման դպրոցէն ներս Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը։ Իր ելոյթին ներկայ էին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Անթիլիասական Թեմի Առաջնորդ Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, ամերիկահայ համայնքի յայտնի գործիչներէն Նուպար Աֆէեան եւ Յարութ Սասունեան։ Հարվըրտի ելոյթին ընթացքին Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն։ Առկայ փակուղիի պայմաններուն ներքեւ ան քննադատեց 2015-ի ոգեկոչումներու շրջանին Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը։ Աւելի վերջ Սերժ Սարգսեան ըսաւ.
«Տեղեակ եմ, որ Հայաստանէ դուրս այսօր կայ պարզունակ պատկերացում մը, թէ հայերը իբրեւ թէ կ՚ուրախանան, երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան վատ բաներ. օրինակ՝ երբ թրքական ուժային կառոյցները կը հրետակոծեն քրդաբնակ քաղաքներ ու այլ բնակավայրեր, կամ երբ Թուրքիոյ տարածքէն ներս ահաբեկչական գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Սա անհեթեթութիւն է։ Իրականութեան մէջ մենք խիստ շահագրգռուած ենք Թուրքիոյ խաղաղ եւ ժողովրդավարական զարգացումով։ Մեր համոզումն է, որ արմատական ժողովրդավարականացման իսկ արդիւնքին Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները իրենք զիրենք լիարժէք քաղաքացի պիտի զգան եւ պիտի կարենան ապրիլ արժանապատիւ կեանքով։ Ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները պիտի չդիտուին որպէս երկրորդ կամ երրորդ կարգ։ Դժբախտաբար այսօր մեր հարեւաններու հասարակական-քաղաքական կեանքէն ներս կը տեսնենք հակառակ միտումներ եւ սա մտահոգիչ է մեզի համար»։
Հարկ է նշել, որ Հարվըրտի ելոյթով եւ ԱՄՆ-ի Արե-ւելեան Ափի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ կազմակերպուած հանդիպումով եզրափակուած է Սարգսեանի Մասաչուսէցի շփումներուն ծրագիրը եւ ան ուղեւորուած է դէպի Ուաշինկթըն, ուր իրեն ընկերակից պատուիրակութեան կը միանայ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
ԱԼԻԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Միջուկային անվտանգութեան չորրորդ գագաթաժողովին մասնակցելու համար Ուաշիկթընի մէջ կը գտնուի նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։