ՌԵՔՍ ԹԻԼԸՐՍԸՆ ԵՐԷԿ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ամերիկեան վարչախումբէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Երէկ, օրուան տեւողութեան Ռեքս Թիլըրսըն ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողոանի եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ Եըլտըրըմ ընդունեց Թիլըրսընը, որ աւելի վերջ ուղղուեցաւ Պեշթէփէի համալիրը եւ տեսակցեցաւ Էրտողանի հետ։ Ռեքս Թիլըրսըն անշուշտ տեսակցեցաւ նաեւ իր պաշտօնակցին՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։
Ամերիկացի պետական քարտուղարին հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին Անգարայի ղեկավարութիւնը ընդգծեց իր վճռակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ օրակարգի վրայ եկան ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարն ու տարածքաշըր-ջանային խնդիրները։ Թրքական կողմը անհանգստութիւն յայտնեց, թէ Սուրիայէ ներս ԱՄՆ-ի զօրակցութիւնը կը վայելէ ՓԵՏ, որ ՓՔՔ-ի շառաւիղն է։ Թիլըրսընի եւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկաւ ԱՄՆ-ի մշակած յարաբերութիւնը ԵՓԿ-ի հետ։ «Պէտք է կարգ մը որոշումներ առնենք եւ այս պատճառով քննարկումները կը շարունակուին։ Դժուար նախընտրութիւններ պէտք է ընել», ըսաւ հիւր պետական քարտուղարը։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կարեւորութեամբ ընդգը-ծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ պէտք է աշխատիլ ճիշդ ու օրինական դերակատարներու հետ։
Երէկուան քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի Թուրքիա արտայանձնման խնդիրը։ Անգարայի իշխանութիւնները հերթական անգամ մատնանշեցին իրենց սպասումները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յարգանքի այց մըն ալ տուաւ Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Ան մատնանշեց, որ կողմերը պէտք է համագործակցին՝ կանխելու համար Իրանի կողմէ տարածքաշրջանին տրուելիք հաւանական վնասները։ Իր խօսքերով, ԵՓԿ եւ Ռաքքայի պարագային նախատես-ւած գործողութեան շուրջ քննարկումները կազմեցին Անգարայի երէկուան բանակցութիւններուն առանցքը։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ հիւր պետական քարտուղարը յստակ խոստումներ չէ տուած քննարկուած հրատապ խըն-դիրներուն շուրջ։