«ՌԷՕՎԱՆՇԻ ՍՈՒՐԸ» ԱՆԻՄԱՍՏ ՉՃՕՃԵԼ

Միանգամայն ըսեմ, որ երկու ձեռքով կողմնակից եմ հարեւաններու հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ «Դարաւոր ոսոխի» մասին կարծրատիպային պատկերացումները, իմ կարծիքով, որեւէ ձեւով չեն նպաստեր մեր պետական եւ ազգային խնդիրներու լուծման։ Դրօշ այրելը, ինչպէս բազմիցս գրած եմ թուլութեան, անզօրութեան նշան է։ «Հայդատականութիւնը» ինծի համար ընդունելի է որպէս անհատական կամ համայնքային հոգեբանութիւն, բայց ոչ՝ որպէս պետական հայեցակարգ։

Բնականաբար, խաղաղութիւն հաստատելու միակ ճանապարհը բանակցութիւններն ու փոխզիջումներն են։ Բայց խնդիրը այն է, թէ ե՛րբ, ինչպէս եւ ինչպիսի դիրքերէ մենք կը բանակցինք հարեւաններու հետ։ Բանակցիլ կարելի է, երբ ուժերը մօտաւորապէս հաւասար են, փոխզիջման կարելի է երթալ այն պարագային, երբ դուն գիտակցուած, քու կամքով բան մը կը զիջիս՝ բան մը ստանալու դիմաց։ Հիմա, երբ կ՚ըսուի, թէ բանակցուած լուծումը նոյնն է այն լուծման հետ, որուն դուն ստիպուած ես երթալ պատերազմի մէջ պարտուելու հետեւանքով, սա կա՛մ մտաւոր տկարութեան դրսեւորում է, կամ ալ նորոյթ եզրոյթով կը կոչուի «մանիփիւլասիոն»։ Երբ դուն ծեծուած-ջարդուած ես, դուն որեւէ փոխզիջման չես երթար՝ յաղթողները քու վիզը կը փաթթեն այն, ինչ իրենք կը ցանկանան։

Ճաբոնը եւ Գերմանիան պարտուեցան Բ. Համաշխարհային պատերազմին մէջ, բայց 1945 թուականին այդ երկիրներու ղեկավարները չէին ըսեր՝ «այ, հիմա մենք բարեկամութիւն պիտի ընենք Խորհրդային Միութեան հետ՝ այլեւս մեր համագործակցութեան համար որեւէ խոչընդոտ չկայ»։ Սակայն այդ երկու պետութիւնները մօտաւորապէս երկու-երեք տասնամեակներու ընթացքին քաղաքական եւ տնտեսական առումով այնքան ուժեղացած էին, որ 1970-ականներուն սկսան Սովետի հետ խօսիլ հաւասարը հաւասարի պէս։ (Եւ, ի դէպ, Ռուսաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ յարաբերութիւնները մինչեւ վերջ չեն կարգաւորուած)։ Իմ մանկութեան տարիներուն ես կը լսէի, թէ ինչպէս պաշտօնական ռատիոյով կ՚ըսէին՝ «Պոննի ռէօվանշիստներ» եւ «Ճաբոնի միլիթարիստներ»։ Հաւանաբար, Խորհրդային իշխանութիւնները կ՚անհանգստացնէր այդ երկիրներու հզօրացումը, բայց Սովետը չէր կրնար այդ բանին դէմը առնել։ Իսկ «ռէօվանշ»ը տեղի ունեցաւ, բարեբախտաբար, առանց համաշխարհային պատերազմի՝ զուտ տնտեսական մրցակցութեան շնորհիւ։ Ըսեմ նաեւ, որ թրքական ընդլայնումը Հայաստանի դէմ նոյնպէս պարտադիր չէ, որ իրականացուի միայն ռազմական ճանապարհով։ Հայաստանցիներու այն «մեծամասնութիւնը», որ կը հանդուրժէ պատերազմին պարտուած իշխանութիւններուն, «մեծագոյն հաճոյքով» կը վաճառէ իր տուները թուրքերուն եւ ինք կ՚երթայ ու շատ աւելի լաւ տուներ կը գնէ Թանպովի մարզին մէջ։

Հետեւաբար, այս պահուն պէտք չէ ո՛չ եղբայրական հռետորաբանութիւն կիրառել, ո՛չ ալ «ռէօվանշի սուրը» անիմաստ ճօճել։ Անհրաժեշտ է, որոշ ժամանակ կեդրոնանալ ներքին համերաշխութեան եւ կայունութեան վրայ։ Ընդ որում, կասկածելի է, որ ներկայ իշխանութեան պարագային սա հնարաւոր է։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021