ԳՈՐԾԱԿՑԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Յայտնի իրադարձութիւններու բերումով անվտանգային միջավայրը էական փոփոխութիւններ կրած է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ու մենք պէտք է շարունակաբար գնահատենք այն նոր մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք ունինք այս իրավիճակին մէջ։ Պէտք է կարողանանք գնահատել Հայաստանի դիրքը, դիրքորոշումը եւ մօտեցումը՝ ինչպէ՞ս պիտի դիմակայենք նոր մարտահրաւէրները եւ ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան, որպէսզի օգտագործուին Հայաստանի ու Արցախի կայուն ու բնականոն զարգացման համար»։

Ժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան բացատրեց, որ տեւական շրջափակումը Հայաստանը որոշ չափով օտարած է տարածքաշրջանէն։ «Մենք պէտք է կարողանանք այս նոր իրավիճակին մէջ գնահատել այն հնարաւորութիւնները, որոնք կան Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու առումով եւ միւս կողմէ՝ ի հարկէ, պէտք է արձանագրենք, որ այս գործընթացը տեղի չի կրնար ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան կենսական շահերու հաշիւին, այլ՝ ընդհակառակն մենք այս գործընթացին մէջ պէտք է կարողանանք լիարժէք պաշտպանել ու պահպանել մեր երկրի շահերը, Արցախի շահերը՝ ի հարկէ նաեւ պատրաստ ըլլալով որոշ համագործակցային տրամաբանութեան», ըսաւ ան։

Ըստ Փաշինեանի, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ է Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի Սիւնիքի հատուածի շինարարութեան սկսելու վերաբերեալ ռազմավարական նշանակութեամբ հարցը։ Ընդհանրապէս, հաղորդակցութիւններու վերաբացուիլը կարեւորագոյն քննարկման նիւթերէն մին է։ Հարցը էական է եւ ուշագրաւ, բայց ունի նաեւ բազմաթիւ նրբութիւններ, որոնք պէտք է հաշուի առնուին։ «Մեր տրամադրութիւնը այնպէս պիտի ըլլայ, որ պէտք է ի վիճակի ըլլանք կայացնել որոշումներ, որոնք կը բխին Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն։ Մենք ի վիճակի պիտի ըլլանք կայացնել որոշումներ, որոնք կ՚ապահովեն Հայաստանի Հանրապետութեան երկարատեւ, կայուն զարգացումը, նաեւ որոշ առումով տարածքաշրջանի երկարատեւ ու կայուն զարգացումը նոյնպէս մեր պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ է», շեշտեց Փաշինեան։

Կը հաղորոդուի, որ ժողովէն վերջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուած է՝ քննարկել Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ձեւաւորուած անվտանգային միջավայրը, տարածքաշրջանի զարգացումները եւ կառավարութեան ապագայ քայլերուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021