ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ, ուր մասնակցեցան «Ասիոյ սիրտ-Իսթանպուլեան գործընթաց» համաժողովին։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Զարիֆ եւ Պայրամով երէկուան հանդիպման ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր քննարկեցին նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կանգ առին նաեւ Արցախի պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հրադադարի համաձայնութեան իրականացման վրայ։

Զարիֆ եւ Պայրամով կարծիքներ փոխանակեցին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս նախատեսուած վերականգնման աշխատանքներուն շուրջ։ Ճեւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Իրանի ընկերութիւնները պատրաստ են այդ աշխատանքներուն մասնակցելու՝ ներառեալ ականազերծման գործողութիւնները։

ՀԱՍԱՆՈՎԷՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յանձնարարեց, որպէսզի Արցախի վերջին պատերազմով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս ռազմական ենթակառուցուածքները զարգացուին։ Հասանովի կողմէ տրուած հրահանգները կը նախատեսեն հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացնել անձնակազմի պատրաստութեան եւ ստորաբաժանումներու մարտունակութեան մակարդակի բարձրացման վրայ, բարելաւել վարժանքներու եւ մարտական պատրաստութեան որակը՝ մասնաւորապէս ազատագրուած տարածքներէ ներս տեղակայուած զօրամասերու մէջ։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասանովի հրահանգները կը վերաբերին նաեւ նիւթաթեքնիկ ապահովման եւ ստորաբաժանումներու վերազինման ապագայ բարելաւումներուն

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021