ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ

Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել վերջին շրջանին հերթական անգամ կարեւոր ու դրական յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան շուրջ։ Ան նշեց, որ Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ շահերու հիման վրայ յարաբերութիւններու զարգացումը նպաստաւոր է Եւրոմիութեան ռազմավարական շահերուն տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, ԵՄ-ի անցեալ շաբթուան գագաթաժողովով նոր էջ մը բացուած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու գծով։ Պաշտպանելով Անգարայի հետ դրական յանձնառութիւնները՝ Ժոզէֆ Պորել Թուրքիան դասեց՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Ռուսաստանի նման կարեւոր ռազմավարական դերակատարներու շարքին։ Ըստ եւրոպացի յանձնակատարին, Թուրքիա կարեւոր տարածքաշրջանային ուժ մըն է։ Պատմական ճակատագիրը կրնայ ըլլալ ԵՄ-ի դրօշին ներքեւ կառուցուող խաղաղութեան ծրագրին մասնակցիլը։ Երբ աշխարհի վրայ վերստին ի յայտ եկած է ռազմավարական բեւեռացումը՝ այս շրջանին եթէ Եւրոպան Թուրքիան ընդգրկելով ժողովրդավարութեան սիւնը ամրապնդէ, ապա սա կրնայ ըլլալ կարեւոր տարր մը՝ հաւասարակշռութիւն ապահովելու տեսակէտէ։ Ըստ Ժոզէֆ Պորելի, սա վերջնական չէ, սակայն Եւրոմիութիւնը հաւանական կամուրջ մը մատուցած է։ Յանձնակատարի համոզմամբ, յստակ քաղաքական նախընտրութիւններով եւ կողմերու հաւատարմութիւնով այդ կամուրջը կրնայ ստեղծուիլ։ Եւրոմիութիւնը պատրաստակամ է անհրաժեշտ ջանքերը գործադրելու ուղղութեամբ։

Ըստ Պորելի, ԵՄ ողջունած է Թուրքիոյ կողմէ կատարուած շարժոյթները ու փոխադարձած՝ իր ձեռքը երկարելով։ Ան յիշեցուց, որ Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ թիւ մէկ ներածման, արտածման եւ ներդրումներու գործընկերն է։ Աւելի քան 5.5 միլիոն թրքահպատակ կ՚ապրի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու մէջ։ Թէեւ միամտութիւն կ՚ըլլայ՝ մտածել, որ խնդիրները յաղթահարուած են, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ առջեւը կը գտնուի դժուար պարտականութիւն մը։ ԵՄ-ի ղեկավարները ընդգծած են աստիճանական, համաչափ մօտեցումի մը անհրաժեշտութիւնը։ «Մեր յարաբերութիւնները մնայուն ձեւով կարգաւորելու համար քաջութիւն եւ վճռակամութիւն պէտք է, միեւնոյն ժամանակ ճկունութիւն եւ փոխըմբռնում», նշեց Պորել։

Համացանցային գրառումներու մէջ Ժոզէֆ Պորել նշեց նաեւ, որ Ռուսաստան եւ Չինաստան կը միաւորուին՝ դիմակայելու համար արեւմտեան աշխարհին եւ թուլացնելու համար կախուածութիւնը անկէ։ Իր խօսքով՝ Չինաստան ունի յստակ տնտեսական առաւելութիւն։ Արեւմուտքի կամ ԱՄՆ-ի մասին խօսելու ժամանակ Մոսկուա եւ Փեքին շատ նման լեզու մը կ՚օգտագործեն։ Ռուս-չինական մերձեցումը հիմնուած է, ըստ էութեան, ժողովրդավարական արժէքները մերժելու եւ «ներքին գործերուն միջամտութիւն» ըսուած բանին դէմ հակազդելու հիման վրայ։ Չինաստանին անհրաժեշտ են նաւթ եւ կազ։ Ան Ռուսաստանէն կը ներածէ այդ բոլորը։ Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուա կը ձգտի տեսակաւորել իր ուժանիւթի արտահանումը Եւրոմիութենէն դուրս՝ հաշուի առնելով ուժանիւթակիրներ անցընելու եւրոպական կողմի պարտաւորութիւնները եւ յարաբերութիւններու ընդհանուր լարուածութիւնը։ Ըստ Պորելի, Ռուսաստան չի կարողանար արագ եւ դիւրութեամբ տեսակաւորել իր արտահանումը, որովհետեւ սա կը պահանջէ հսկայական ներդրումներ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021