ԿԱՐԵԼԻ ԷՐ ԽՈՒՍԱՓԻԼ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ կարելի էր խուսափիլ Արցախի վերջին պատերազմէն։ Ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան ընդունեց, որ բարդ է խօսիլ «եթէ»ներու մասին, բայց, իրականութիւնը այն է, որ իր համոզմամբ՝ կարելի էր պատերազմէն խուսափիլ։ Արդարեւ, երեսուն տարի, զանազան ժամանակահատուածներու մէջ Արմէն Սարգսեան զբաղած է դիւանագիտութեամբ, հանդիպած է զանազան երկիրներու ղեկավարներու հետ եւ ներկայիս այդ բոլորի լոյսին տակ կը կրէ յիշեալ համոզումը։

«Ինձ կը թուի, որ միշտ հնարաւոր է գտնել խնդիրներու լուծման ուղիներ՝ առանց ռազմական գործողութիւններու։ Ի վերջոյ, Ղարաբաղի պարագային, Ղարաբաղի առաջին պատերազմէն յետոյ գոյութիւն ունէր կազմակերպութիւն մը, որ կը զբաղէր այդ հարցով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը։ Կար հաղորդակցման, երկխօսութեան դրութիւն եւ այլն։ Բայց եթէ նայինք մեր կողմէ, խօսքը մեր սխալներու մասին է, ապա մենք դարձեալ հաւատացինք այն բանին, զոր կ՚ուզէինք։ Մեզի կը թուէր, թէ պատերազմը արդէն աւարտած էր, հարցը արդէն լուծուած էր։ Իսկ ան հեռու էր լուծում ստանալէ։ Մանաւանդ, Ատրպէյճան անընդհատ կը խօսէր ապագայ պատերազմի մը մասին։ Որոշ քայլերու ձեռնարկելու՝ Ղարաբաղի պաշտպանունակութիւնը ամրապնդելու, աւելի ժամանակակից ռազմական ենթակառուցուածք ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղը տնտեսապէս աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու փոխարէն…», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Հարցազրոյցին մէջ նախագահը նշեց, որ այլ դիտողութիւն մըն ալ ունի արդի Հայաստանի մասին։ «Դժբախտաբար Հայաստան՝ որպէս 21-րդ դարու երկիր, ինքզինք կը փնտռէր։ Այսինքն՝ մէկ կողմէ բան մը կը փորձէր, իսկ միւս կողմէ այլ բան մը… Նախագահական ձեւը լաւ չէ, եկէք փորձենք այլ բան մը… Բայց այս պայմանականօրէն ըսուած ժողովրդավարական մթնոլորտին մէջ յայտնուեցաւ երկու Հայաստան։ Մէկը իրական Հայաստանն է, որու մասին մենք կը խօսինք եւ որ այսօր ճգնաժամի մէջ է։ Երկրորդը առցանցն է, ան հիմնուած է նոր փորձագիտութիւններու վրայ։ Այս երկու հայաստանները իրարու հետ ոչ մէկ կապ ունին», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021