ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ռումանիան։ 2022 թուականին նախատեսուած Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի խաղերու ծիրէն ներս, «J» խմբաւորման մէջ, հայկական ընտրանին «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ կարեւոր հանդիպում մը կ՚ունենայ Ռումանիոյ ազգային խումբին հետ։ Սպանացի աւագ մարզիչ Խոաքին Քափարոսի մականին ներքեւ հայկական հաւաքականը վերջին շրջանին թափ հաւաքած է։ Խմբաւորման առաջին երկու խաղերուն երկու յաղթանակ ապահովելէ վերջ, Հայաստան այսօր կը ձգտի անընդմէջ երրորդ յաղթանակին։ Սա արդէն հայկական հաւաքականի յաւակնութիւնները կրնայ բարձրացնել իր խմբաւորման մէջ, որու ամենահզօրը Գերմանիան է։

Որակաւորման փուլի խաղերը այս օրուան փուլէն վերջ պիտի շարունակուին յառաջիկայ սեպտեմբերին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021