ՀԱՄԱԿԱՐԳԵԼ ՋԱՆՔԵՐԸ

Փարիզ, Մոսկուա եւ Պերլին մտադիր են համակարգել իրենց ջանքերը՝ Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ երկխօսութեան վերականգնման եւ գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի վերահաստատման առաջադրութեամբ։ Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ունեցան տեսաժողով մը, որու ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ այս ուղղութեամբ։ «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը Էլիզէի պալատի աղբիւրներու հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուց, որ Մաքրոն, Փութին եւ Մերքել համաձայնած են ջանքեր գործադրել, որպէսզի հնարաւորինս արագ Իրան վերադառնայ իր պարտաւորութիւններու կատարման։ 14 յուլիս 2015 թուականին յայտարարուած էր Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային գործարքը, որմէ 2018 թուականի մայիսին Ուաշինկթըն միակողմանիօրէն դուրս եկած էր ու Թեհրանի դէմ խիստ պատժամիջոցները վերահաստատած։ Իրանն ալ յայտարարած էր այդ ծրագրի շարք մը կէտերու կատարման դադրեցման մասին։ Այժմ միջազգային դերակատարներու ջանքերը կեդրոնացած են ստեղծուած բարդ իրավիճակի յաղթահարման վրայ։

Երեք ղեկավարներու տեսաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ միջազգային բնոյթով այլ շարք մը հրապատ խնդիրներ։ Լիպիոյ իրավիճակին անդրադառնալով՝ Մաքրոն եւ Մերքել կողմերուն կոչ ուղղեցին՝ ներառեալ Ռուսաստանին, գործադրել բոլոր ջանքերը, որպէսզի ներկայ անցումային գործընթացը դիւրանայ։

Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Անկելա Մերքել մտահոգութիւն յայտնեցին նաեւ Սուրիոյ առկայ մարդասիրական իրավիճակին կապակցութեամբ։ Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը։

Երէկուան տեսաժողովին ընթացքին Վլատիմիր Փութինն ալ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Տոնպասի մէջ իրավիճակի սրման կապակցութեամբ։ Այսպէս, ռուսական կողմը լուրջ մտահոգութեան մատնուած է Ուքրայնայի կողմէ շփման գծի վրայ ռազմական դիմակայութեան սրացումը հրահրելու եւ հրադադարի ամրապնդման անցեալ տարի հաստատուած յաւելեալ միջոցառումներով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն հրաժարելուն բերումով։ Այս ոլորտին մէջ, ըստ Քրեմլինի պալատի աղբիւրներու հաղորդումներուն, երեք երկիրներու ղեկավարներու խորհրդականները կը շարունակեն աշխատանքը։ Մաքրոն, Փութին եւ Մերքել մանրամասնօրէն կարծիքներ փոխանակեցին Ուքրայնայի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Շեշտուեցաւ, որ 2015 թուականին ձեռք բերուած Մինսքի համաձայնութիւնները՝ որպէս Ուքրայնայէ ներս ծագած հակամարտութեան կարգաւորման հիմք, այլընտրանք չունին։

Զրուցակից ղեկավարները շօշափեցին նաեւ Սպիտակ Ռուսիոյ առկայ իրավիճակը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Սպիտակ տան բանբերը՝ Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ ԱՄՆ բաց է Իրանի հետ դիւանագիտական համագործակցութեան համար, ինչպէս անցեալին։ Սա թոյլ կու տայ, որպէսզի կողմերը վերադառնան Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ գործարքի իրագործման։ «Մենք հաւատարիմ կը մնանք դիւանագիտական գործընթացի շարունակութեան, որպէսզի որոշենք ապագայ քայլերը։ Երբեմն այս բանին համար ժամանակ պէտք է եւ մենք այս բանը յստակ հասկցած ենք Իրանի հետ նախորդ բանակցութիւններէն։ Մենք պատրաստ ենք արդիւնաւէտ դիւանագիտական համագործակցութիւնը վերսկսելու, որպէսզի ապահովենք, որ երկու կողմերն ալ վերադառնան միջուկային ծրագրի իրագործման։ Քննարկումներու եւ համագործակցութեան սկսելու ուղղեալ առաջարկը ուժի մէջ կը մնայ», ըսաւ բանբերը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021