ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակեր Արքեպիսկոպոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արա Այվազեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի հետ առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու համար յարաբերութիւնները, որոնք պատմական ու հոգեւոր համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած են։ Կարծիքներ փոխանակուեցան սերտ երկխօսութեան եւ բարձր մակարդակով շփումներու թափի ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն շուրջ։

Զրուցակիցները անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Արա Այվազեան կարեւորեց Սրբազան Պապի կոչերը՝ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ Արցախի պատերազմին յաջորդած շրջանին խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Նախարարը ներկայացուց նաեւ մարդասիրական հարցերու դիմագրաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի կողմէ պատանդ առնուած հայ գերիներու անվտանգ հայրենադարձումը խնդիր մըն է, որ անյապաղ լուծում կը պահանջէ։

Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանութիւնն ալ ընդգծուեցաւ հրատապ հարցերու շարքին։ Արա Այվազեան խստագոյնս դատապարտեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ քրիստոնէական մշակութային արժէքներու միտումնաւոր պղծման եւ ոչնչացման քաղաքականութիւնը։ Այս առընչութեամբ կարեւորուեցաւ միջազգային հանրութեան գործօն միջամտութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021