ԴԱՐՁԵԱԼ ՇՓՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ ժամադրուած են՝ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Անոնց միջեւ հերթական շփումը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ՝ ապրիլի 6-ին, Պրիւքսելի մէջ։ Այս նոր տեսակցութիւնը կազմակերպուած է Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ ու նախաձեռնութեամբ։ Եւրոմիութեան խորհուրդի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հրապարակումներ ըրին այս մասին՝ տեղեկացնելով, որ Շարլ Միշել Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ կը քննարկէ վերջին բանակցութիւններէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանի զարգացումները։ Քննարկումներու նպատակն է շօշափել անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի կառուցման ապագայ ուղիները՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր բնակիչներուն։

Հարկ է յիշեցնել, որ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ վերջին հանդիպումը անցեալ տարուայ աւարտին տեղի ունեցած էր նոյնպէս Պրիւքսելի մէջ՝ յաջորդելով Սոչիի մէջ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ երկու անգամ տեսակցած էին Փութինի միջնորդութեամբ։ Այժմ արդէն յառաջիկայ շաբթուան ժամադրութիւնով՝ երկու անգամ ալ տեսակցած պիտի  ըլլան Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ։

Ապրիլի 6-ի այս նոր ժամադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ բաւական բարդ իրավիճակի մը մէջ, որովհետեւ Պաքուի վերջին քայլերը մարդասիրական աղէտ մը յառաջացուցած են Արցախէ ներս՝ մանաւանդ կազամատակարարման խափանումներով։ Բաց աստի, Ատրպէյճան վերջին օրերուն մտահոգիչ ձեւով հրադադարը խախտած է եւ խախտած է սահմանի այն գօտիին, որու վերահսկողութիւնը վերապահուած է ռուս խաղաղապահներուն։ Ատրպէյճան կը շարունակէ շփման գծի խախտումով ձեռք անցուցած նոր դիրքերուն մէջ մնալ։ Այս ծանր իրավիճակին մէջ է, որ նախատեսուած է Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը Պրիւքսելի մէջ, ուր երէկ ուրիշ կարեւոր տեսակցութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճիեւի հետ, որ կը գլխաւորէ արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հանդիպումը կազմակերպուած էր Հարաւային Կովկասէ ներս Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի կողմէ։ Համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։ «Եւրոմիութիւնը Պրիւքսելի մէջ կազմակերպած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպումը՝ յառաջ մղելու համար համատեղ ջանքերը, որոնք կը գործադրուին երկու երկիրներու միջեւ առկայ շարք մը հարցերու լուծումներ գտնելու առաջադրութեամբ։ Մասնաւորապէս քննարկումները կեդրոնացած են Շարլ Միշելի, Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ 6 ապրիլ 2022 թուականին կայանալիք հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն վրայ»։

Եւրոմիութեան աղբիւրները յայտնեցին նաեւ, որ առարկայական քննարկումներու ընթացքին կողմերը շօշափած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առկայ խնդիրներու ամբողջական շրջանակը։ Քննարկումները ընդգրկած են նաեւ առանձին երկկողմանի հանդիպումներու կազմակերպումը Արմէն Գրիգորեանի եւ Հիքմէթ Հաճիեւի միջեւ։ Պրիւքսելի երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է քաղաքական ու անվտանգային իրադրութեան՝ ի շարունակութիւն անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի, Շարլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ընթացքին ապահովուած փոխադարձ ըմբռնումներուն։ Գրիգորեան եւ Հաճիեւ համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթներուն կրկին հանդիպիլ՝ շարունակելու համար քննարկումները։ Կողմերը կ՚անդրադառնան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրման հեռանկարին վերաբերեալ հարցերու։ Նոյն առթիւ շեշտուած է նաեւ, որ Եւրոմիութիւնը յանձնառու կը մնայ՝ շարունակելու իր ներգրաւուածութիւնը, որպէսզի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատուի։

Ստեփանակերտի հայկական աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Արցախի առաջնագծին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած ու կը շարունակէ մնալ լարուած։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ նոր դիրքերու գրաւումով ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը վերջին օրերուն մտահոգութիւն ու լայն արձագանգ յառաջացուցած էր միջազգային բեմահարթակի վրայ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք յայտնած էր, որ կազմակերպութիւնը մտահոգուած է Արցախէ ներս աճած լարուածութեան բերումով։ Ան կոչ ուղղած էր,  որպէսզի կողմերը բոլոր հարցերը լուծեն ուղիղ երկխօսութեան միջոցաւ ու զերծ մնան ամէն տեսակ գործողութենէ եւ յայտարարութենէ, որոնք իրավիճակի սրման պատճառ կրնան դառնալ։ Միեւնոյն ժամանակ, բանբերը նշած էր, որ ՄԱԿ կ՚ողջունէ լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ ջանքերը, որոնք կը գործադրուին թէ՛ եռակողմանի ձեւաչափի մէջ եւ թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ։

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ վերջին օրերուն այս նիւթին շուրջ ըրած էր յայտարարութիւններ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած էր, որ իր երկիրը աշխուժօրէն կը նպաստէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքման։ «Մենք կոչ ուղղած ենք ապահովել Լեռնայի Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի ամբողջական դադրեցման մասին 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կատարման համար», ըսաւ Զախարովա եւ աւելցուց, որ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Արցախի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը աշխոյժ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն իրավիճակը լիցքաթափելու համար, իսկ խաղաղապահները խստօրէն կը գործեն երեք երկիրներու ղեկավարներու վերոյիշեալ յայտարարութիւններու դրոյթներուն համաձայն։ Ռուսական դիւանագիտութիւնն ալ մշտապէս շփման մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ «Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար՝ հիմնուելով երեք երկիրներու ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն վրայ՝ ներառեալ սահմանազատումն ու սահմանագծումը, տարածաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը։ Մենք աշխուժօրէն կը նպաստենք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման», ըսաւ Զախարովա։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոն ալ յայտնեց, որ Մոսկուա կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս յառաջացած լարուածութեան յաղթահարումը հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան շրջանակի մէջ։ Բաց աստի, ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը նշեց, որ Արցախի վերջին բախումներուն ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռք անցուած դիրքերէն ետ քաշուելու հարցը պէտք է հասցէագրել Պաքուին։

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022