ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԱՀԱԶԱՆԳՆԵՐ

Մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ Լաչինի միջանցքը փակ պահել եւ Արցախի դէմ բռնութիւններ իրականացնել, երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած տագնապին վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուեցան վերջին իրադարձութիւններուն, Երեւան-Պաքու բանակցային գործընթացին, խաղաղութեան օրակարգին շուրջ։ Կողմերը կարեւորեցին տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղեալ հետեւողական ջանքերը։

Հարաւային Կովկասի թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակեն միջազգային եւ տարածաշրջանային յառաջատար խաղացողներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այսպէս, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 6-7 ապրիլին Թուրքիա պիտի այցելէ՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Չավուշօղլու-Պայրամով բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Անգարա-Մոսկուա առանցքի բազմակողմանի օրակարգով քննարկումները պիտի ընդգրկեն նաեւ այլ հրատապ բնոյթով նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ որեւէ քննարկում չէ եղած Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհին վրայ սահմանային անցակէտ մը հաստատելու մասին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուց, թէ հայկական կողմը իրավիճակին կը մօտենայ մագլցման թոյլ չտալու տրամաբանութեամբ։ Երեւանէն այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ այն իրավիճակին մէջ, երբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ արդէն փակեցին Հայաստանէն Արցախ տանող ճանապարհի վերջին հատուածը՝ Հայաստանի տարածքի Տեղ գիւղէն սկսեալ։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովի բացման փուլին ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութեան։ Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի վերջին գործողութիւնները միտուած են հաւանական նոր մագլցում մը օրինականացնելու նպատակին։ «Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու ակնյայտ նախապատրաստութիւններ կը տեսնէ», յայտարարեց կառավարութեան նիստին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան։

Մինչ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը նախորդ գիշեր փակեցին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին՝ Աղաւնօ եւ Տեղ գիւղերու արանքին, Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ այլընտրանքային ուղղութիւնով մը պիտի իրականացուին հաղորդակցութիւնները։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023