ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ հայ գիտական աշխարհը ունեցած է ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, բօթը հասաւ Երեւանէն. ոչ եւս է Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, ձեռագրագիտութեան բաժնի վարիչ, պատմաբան տքթ. Գէորգ Տէր-Վարդանեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօսներէն մին էր։

Այս ծանր կորուստին առթիւ Մատենադարանը հանդէս եկաւ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը՝ ցաւակցութիւն յայտնելով Գէորգ Տէր-Վարդանեանի ընտանեկան անդամներուն, Մատենադարանի աշխատակիցներուն եւ մտերիմներուն։

Գէորգ Տէր-Վարդանեան 9 յունուար 1951 թուականին ծնած էր Շամշատինի շրջանի Ներքին Կարմրաղբիւր գիւղին մէջ։ 1968 թուականին աւարտած էր իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցը։ 1968-1973 թուականներուն ուսանած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժնէն ներս։ Վկայուած էր պատմաբան-աղբիւրագէտի մասնագիտութեամբ։ 1974 թուականին աշխատանքի անցած էր Մատենադարանէն ներս։ 1978 թուականին եղած էր աւագ գիտաշխատող եւ գլխաւոր աւանդապահ։ 1992 թուականէն սկսեալ ձեռագրագիտութեան բաժնի վարիչն էր եւ գլխաւոր աւանդապահը։ 1995-1998 թուականներուն զբաղեցուցած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնը։ 2016 թուականին ստացած էր պատմական գիտութիւններու տոքթորի աստիճանը։

Գէորգ Տէր-Վարդանեան մեծ հեղինակութիւն մըն էր հայ ձեռագրագիտութեան ասպարէզին մէջ, հայերէն ձեռագիր մատեանի բազմահմուտ եւ քաջատեղեակ մասնագէտ մը։ Բացառիկ է իր դերը՝ «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մաշտոցի անուան մատենադարանի» բազմահատորեակի կազմման եւ խմբագրման գործին մէջ։

Շուրջ 200 յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու եւ մենագրութիւններու հեղինակ էր։ Զգալի էր նաեւ իր մանկավարժական վաստակը։ Տարիներ շարունակ դասաւանդած էր Երեւանի Պետական համալսարանին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Պատրաստած էր ձեռագրագէտներ Մատենադարանէն ներս։ Միջազգային բազմաթիւ գիտաժողովներու մասնակցած ըլլալու եւ այլալեզու իր հրապարակումներուն շնորհիւ Գէորգ Տէր-Վարդանեան մեծ համբաւ ունէր նաեւ միջազգային հայագիտութեան ուղղութեամբ։ Այս հանգամանքի լաւագոյն վկայութիւններէն մին այն է, որ Մխիթարեան միաբանութեան հրաւէրով տարիներ շարունակ պարբերական այցելութիւններ կատարած էր Սուրբ Ղազարի մատենադարանի ձեռագրական նիւթի մատենագիտական-ձեռագրագիտական մշակման նպատակով։ Մեծ էր նաեւ իր վաստակը արտերկրի մէջ հայկական մշակոյթը ներկայացնելու ուղղութեամբ՝ ձեռագրական ցուցահանդէսներու կազմակերպման ասպարէզին մէջ։ 2008 թուականին Ֆրանսայի կառավարութեան հրամանագրով «Գրականութեան եւ արուեստներու շքանշան»ով պարգեւատրուած էր։ 2007 թուականին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան շրջանակներէն ներս Մատենադարանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսներուն համար կատարուած էր իր այս պարգեւատրումը։

2022 թուականին մշակոյթի ոլորտէն ներս ունեցած նշանակալի աւանդի, երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան համար եւ Թանգարաններու միջազգային օրուան կապակցութեամբ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ Գէորգ Տէր-Վարդանեան պարգեւատրուած էր ոսկէ մետայլով։

Նորոգ հանգուցեալ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, Երեւանի Կոնդ թաղամասի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Գէորգ Տէր-Վարդանեանի կորուստը իսկապէս անփոխարինելի է հայկական գիտական աշխարհին տեսակէտէ եւ իր աւանդը վստահաբար ժամանակներու մէջ բարձր պիտի արժեւորուի եւ իր օրինակը, ապահովաբար, սերունդներուն մշակութային արժէքներ փոխանցելու ճանապարհին զինքը պիտի վերածէ անմոռանալի կերպարի մը։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023