ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻ՞ ԻՐԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ

ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն «Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի վտանգ կը տեսնէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս անդադար կը նախազգուշացնեն, թէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակումի։ Զուգահեռաբար Հայաստանի վարչապետը կը խօսի նաեւ խաղաղութիւն կնքելու պատրաստակամութեան մասին։ Շատերու համար անհասկնալի է՝ ինչպէ՞ս կարելի է մէկ կողմէ զգուշացնել միջազգային հասարակութիւնը յարձակումի վտանգի դէմ, միւս կողմէ խօսիլ՝ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան մասին։ Այս հարցումին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն Բաբգէն Թունեանի պատասխանը նշանակալից է. «Մենք խաղաղութեան օրակարգի մասին Ատրպէյճանի հետ չենք խօսիր, աշխարհի հետ կը խօսինք, որպէսզի հասկնալի ըլլայ, որ մենք յարձակող չենք, պատերազմի չենք ձգտիր, հակուած ենք կառուցողական երկխօսութեան եւ խաղաղութեան։ Խաղաղութեան մասին խօսիլը չի նշանակեր, որ պէտք է մեր ձեռքերը ծալած նստինք եւ բանակի, սահմաններու ամրութեան առումով ոչինչ ընենք»։ Ահա, Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան տենչալ, միաժամանակ, պատերազմի պատրաստուիլ։

Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի բարդութիւնը հասկնալու համար կարեւոր է մօտէն ուսումնասիրել շրջանէն ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ միջազգային հզօրագոյն պետութիւն, ռազմավարական շահերն ու վարած քաղաքականութիւնը։ Յատկանշական է այս առթիւ պետական քարտուղար Պլինքընի պատասխանը 22 մարտին ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Պոպ Մենենտեսի պահանջին, թէ ԱՄՆ-ի Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907-րդ կէտին համաձայն, Ատրպէյճանին տրուելիք 164 միլիոն տոլար արժողութեամբ ռազմական օգնութիւնը պէտք է կասեցուի՝ մինչեւ որ ան կարողանայ հաստատել, թէ Հայաստանի հետ իր վէճը կը լուծէ բացառապէս դիւանագիտական ճանապարհով։ Պլինքըն պատասխանած է, թէ «Ատրպէյճան Իրանի հետ ունի երկար սահման, որ պաշտպանութեան կարիք ունի»։ Ընդգծած է նաեւ «գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Ատրպէյճանի, ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ուժերուն միջեւ, որովհետեւ Ատրպէյճան կը մասնակցի խաղաղութեան պահպանումին»։

Այս վերջին տողին ետին պէտք չէ անտեսել Իսրայէլի անվտանգութեան պահպանման հարցը։

Իրանի սահմանակից ըլլալով՝ Ատրպէյճանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը մեծ է ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան համար։ Նոյնքան ալ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ՝ իբրեւ ռուսական ներկայութեան դիմակայող ուժ։

Եւրոպական Միութեան համար եւս Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկեր է՝ կազ եւ քարիւղ արտադրող։

Այս պայմաններուն մէջ շատ զարմանալի չեն Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի յոխորտանքներն ու յարձակողական քայլերը, որոնց դիմաց Հայաստան ներկայ դրութեամբ հակադարձելու մեծ հնարաւորութիւն չունի, սակայն, Իրանի կողմէ զգալի են ռազմական լուրջ նախապատրաստութիւնները, ռազմափորձերը եւ քաղաքական ղեկավարներու կանխազգուշացումները։

Ատրպէյճանի կողմէ Իրանի հիւսիային շրջանին «հարաւային Ատրպէյճան» անուանումը եւս կարեւոր ցուցիչ է անոր Իրանի դէմ ունեցած թշնամական վերաբերումին, ինչպէս որ Հայաստանի համար ալ կը գործածէ «արեւմտեան Ատրպէյճան» ու «արեւմտեան Զանգեզուր», իսկ Արցախի համար «Ղարաբաղ» անուանումը՝ մերժելով միջազգայնօրէն ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը։

Իսկ Ռուսաստանի պարագան շատ աւելի երկդիմի է՝ նկատի առնելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ անոր ռազմավարական շահերը։ Իսկ Հայաստանի ղեկավարութեան Ռուսաստանի նկատմամբ՝ իբրեւ ռազմավարական դաշնակից, բռնած աւելի պահանջկոտ դիրքորոշումը եւ Արեւմուտքի հետ գործակցութեան համարձակ քայլերը վերջինս դրած են նեղ կացութեան մէջ։

«Հրապարակ» լրասփիւռը, որ ռուսական աղբիւրներու մօտ է, տարածեց լուր մը, թէ ռուս խաղաղապահ ուժերուն՝ կացութեան տէր ըլլալու անկարողութեան տեսակէտէ նշան է։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կրկին Մոսկուա այցելած ըլլալով՝ վերադարձին մերձաւոր շրջապատին ըսած է, որ պէտք է պատրաստուիլ երկարատեւ եւ կոշտ դիմադրութեան՝ կրակոցին կրակոցով պատասխանելու, մեծով-փոքրով զինուելու՝ պատրաստուելու յառաջիկայ պատերազմին։ Այս խօսքերը իրենց առաջին գործադրութիւնը ունեցան մարտի 28-ին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի դիրքերու յառաջխաղացի փորձին կանխումով։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023