ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի։

Ճէյհուն Պայրամով վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի կողմէ։ Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած են այս շփումները, որոնց շրջանակներուն մէջ Ճէյհուն Պայրամով եւ Էլի Քոհեն սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Ճէյհուն Պայրամով այս փուլին յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ։ Ճէյհուն Պայրամով Իսրայէլի մէջ Հայաստանը մեղադրեց ակրեսիւ հռետորաբանութիւն որդեգրած ըլլալով։ Ըստ իրեն, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճան յառաջ կը մղէ խաղաղութեան օրակարգը, սակայն Հայաստան կը սպառնայ ակրեսիւ հռետորաբանութեամբ։

Պայրամովի այս յայտարարութիւնները հնչած են այն համայնապատկերին վրայ, ուր Ատրպէյճան շուրջ 110 օրէ ի վեր արդէն պաշարուած վիճակի մէջ կը պահէ Արցախը՝ Լաչինի միջանցքը փակ պահելով։ Թէեւ միշտ գործնականօրէն Պաքուէն կը հնչեն ակրեսիւ եւ սպառնալից յայտարարութիւնները, սակայն, Ճէյհուն Պայրամով Իսրայէլի յայտարարութիւններուն ժամանակ այդ բոլորը վերագրած է Երեւանին։

Իր կարգին, Էլի Քոհենն ալ յայտնած է, որ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ միասնաբար պիտի գործեն Իրանի դէմ։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023