«ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԵՐ ՄԸ ՉՈՒՆԻ»
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Կովկաս-2015» տարեկան միջազգային գիտաժողովը։ «Էրեբունի փլազա»ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու նախաձեռնարկն էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան Ալեքսանտր Իսքանտարեանի կողմէ գլխաւորուած Կովկասի կաճառը։ Այս հաւաքոյթին Թուրքիայէն մասնակցեցաւ Ճենկիզ Աքթար, որ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցազրոյց մը տալով մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ անցեալ ամսուան սկիզբին պատահած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւնները։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Աքթար նշեց, որ միջազգային հարթակի վրայ բոլորին համար պարզ է, թէ Ատրպէյճան սկսած է ռազմական գործողութիւններու։ «Լսած եմ զանազան վերլուծութիւններ այս հակամարտութեան վերջին սրման վերաբերեալ, սակայն բան մը կրնամ ըսել. Թուրքիա Հարաւային Կովկասի մէջ դեր ունեցող երկիր մը չէ։ Ի հարկէ, հաւանական է, որ Թուրքիոյ ռազմական ուժերը ներգրաւուած կամ համագործակցած ըլլան Ատրպէյճանի բանակին հետ։ Մենք չենք գիտեր, սակայն եզրակացութիւն ընել եւ ձեւացնել՝ որ, օրինակ, սա թրքական կողմի պատասխանն էր Ռուսաստանին եւ այդ նպատակով ան հրահրեց այս պատերազմը, կը կարծեմ, չափազանցութիւն է», ըսաւ Ճենկիզ Աքթար եւ աւելցուց, թէ հակառակ ամէն ինչին, նոյնիսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի 25 տարուան գործունէութեան, տարածքաշրջանէն ներս կանոններ թելադրողը կը մնայ Ռուսաստան։ Բնականաբար, կան նաեւ այլ դերակատարներ. օրինակ՝ Իսրայէլ։ «Մարդիկ կը խօսին Իսրայէլի ռազմական արդիւնաբերութեան մասին, սակայն, կը կարծեմ, որ գլխաւոր վճռորոշ դերը Ռուսաստանինն է», յայտնեց Ճենկիզ Աքթար Երեւանի մէջ։