ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Գերմանիոյ խորհրդարանը այս Հինգշաբթի պիտի քննարկէ հայկական հարցը։ Պունտեստակի մօտ օրակարգի վրայ պիտի գայ բանաձեւ մը, որու վաւերացման պարագային 1915 թուականի դէպքերը Պերլինի կողմէ պիտի ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։ Հետեւաբար, Թուրքիա-Գերմանիա առանցքին վրայ ներկայիս ստեղծուած է արտասովոր մթնոլորտ մը։
Երէկ, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ հեռաձայնով կապ հաստատեց Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ՝ շնորհաւորութեան համար։ Կը հաղորդուի, որ երկու վարչապետներու հեռախօսազրոյցին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Պունտեստակի մօտալուտ քուէարկութիւնը։ Այս առթիւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ աչալրջութեան կոչ ուղղած է իր գերմանացի պաշտօնակցին։ Վարչապետարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Պինալի Եըլտըրըմ նշած է, թէ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ նախաձեռնութիւնը անհիմն է եւ կը բովանդակէ անարդար քաղաքական դատողութիւններ։ Այս նախաձեռնութիւնը մտահոգութեամբ կը դիտարկուի թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ ամբողջ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Գերմանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած միլիոնաւոր թրքահպատակներուն կողմէ։ Ուստի, Պինալի Եըլտըրըմ նշած է, թէ Գերմանիոյ կառավարութենէն եւ խորհրդարանէն կ՚ակնկալուի աչալրջութիւն։
Իր կարգին, կառավարութեան բանբերը՝ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ երէկ անդրադարձաւ այս հարցին՝ յիշեցնելով Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններուն խորութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ քանի մը քաղաքական գործիչի սիրոյն չի կարծեր, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը քանդէ այդ յարաբերութիւնները։ Եթէ առնուի այդպիսի քայլ մը, ապա Թուրքիոյ տեսակէտէ որեւէ արժէք չի ներկայացներ։
Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած կուսակցութիւններէն երեքը՝ ԱՔ կուսակցութիւնը, ՃՀՓ-ն եւ ՄՀՓ-ն ալ երէկ այս հարցին կապակցութեամբ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Կուսակցութիւնները պախարակեցին ու մերժեցին Պունտեստակի կողմէ քննարկուելիք նախագիծը, որ ենթակայական քաղաքական նպատակներով կ՚առաջնորդուի։ Խորհրդարանականները բանաձեւը մեկնաբանած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, նախագիծը չի կըր-նար ծառայել որեւէ նպատակի, եթէ ոչ յաջորդ սերունդներուն ժառանգել կանխակալ կարծիքներ թշնամութիւն եւ քինախնդրութեան զգացումներ։ Յայտարարութեան մէջ Պունտեստակի պատմական պատասխանատուութիւնը հա-մարուած է՝ ոչ թէ պատմութեան աղաւաղումն ու տարանջատումներու խորացումը, այլ պատմական իրողութիւններու յայտնաբերման խրախուսուիլը։
Պերլինի մէջ անցեալ շաբաթավերջին Գերմանիոյ խորհրդարանի քուէարկութեան ընդառաջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր թրքական կազմակերպութիւններուն կողմէ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այդ ցոյցին մասնակցութեան մակարդակը եղած էր կանխատեսուածէն աւելի նուազ։ Յամենայնդէպս Պունտեստակի քուէարկութեան օրն իսկ՝ յառաջիկայ Հինգշաբթի թուրքերը կը նախատեսեն բողոքի ցոյց մը եւս իրականացնել Պերլինի մէջ։ Շարք մը մեկնաբաններ թերթերուն յայտարարած են, որ Գերմանիա մեղսակից մը կը փնտռէ ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար։
Յատկանշական է նաեւ Պունտեստակի մօտ նախա-տեսուած քուէարկութեան թուականը։ Արդարեւ, 1921 թուականին Պերլինի մէջ դարձեալ Յունիսի 2-ին սկսած էր Թալէաթ փաշան սպաննած Սողոմոն Թէհլէրեանի դատավարութիւնը։ Գերմանիոյ ընդդիմադիր Կանաչներու կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած եւ համախոհական իշխանութեան կուսակցութիւններուն կողմէ պաշտպանուած բանաձեւին բովանդակութիւնը կը բաղկանայ հինգ էջէ։ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճէմ Էօզտե-միր յայտնեց, թէ բանաձեւին նպատակը չէ թշնամանք հրահրել թուրքերու, հայերու եւ գերմանացիներու միջեւ, այլ ապահովել՝ անցեալի հետ առերեսումը եւ անդորրու-թեան հաստատումը։