ԸՍՏ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ՄՕՏ ԵՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Նեթանիյահու այս յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը գոնկրէսականներ հիւրընկալելու ժամանակ։ Իսրայէլի վարչապետը համոզուած է, որ պէտք չէ ակնկալել, թէ յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան տասն տարի առաջուան մակարդակին, սակայն անոնց կարգաւորումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու շահերուն։
Իսրայէլէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը քանի մը օր առաջ յայտնած էր, թէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն շրջագծով մնացած է միակ խոչընդոտ մը։ Այսպէս, Իսրայէլ կը պահանջէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ փակուի Համասի ներկայացուցչութիւնը, որ կը գործէ Իսթանպուլի մէջ։ Կողմերը կը դժուարանան համաձայնութեան հասնիլ այս խնդրին շուրջ։