ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Մատենադարանի նիստերու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագրին ձօնուած հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին ամփոփուեցան այս ծրագրի բոլորած ճանապարհը, ազդարարուեցաւ «Արարատեան պաքալորէա» նոր կրթական ծրագրով դպրոցներու ցանցի ստեղծման մեկնարկը եւ ներկայացուեցան այդ նախագծին միացած առաջին դպրոցները՝ Հայաստանի զանազան անկիւններէն եւ Արցախէն։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հաւաքոյթի ժամանակ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին շեշտեց, որ այս ծրագրի գործադրումով կարեւոր քայլ մը կ՚առնուի դպրոցական կրթութեան հաստատուած եւ բարձր միջազգային չափանիշներ հաստատելու գծով։ Ան ըսաւ.

«Տարիներ շարունակ մենք խօսած ենք, որ Հայաստանի ապագային համար ամենակարեւորը կրնայ ըլլալ լաւագոյն կրթութիւնը, գիտելիքահէնք տնտեսութիւնը եւ բարձր փորձագիտութիւնները։ Ես կը կարծեմ, թէ այս առումով մենք վաղուց ձեւաւորած ենք համաձայնութիւն, հասարակական կարծիք եւ այդ նպատակներուն շուրջ այլեւս մեր հասարակութեան մէջ տարաձայնութիւններ չկան։ Այսօր Արարատեան պաքալորէայի միջոցաւ մենք կու տանք պատասխանը այն հարցին, թէ ինչպէս անհրաժեշտ է իրականացնել այս վեհ եւ լաւ նպատակը։ Սա կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիր է, ուստի այդ մէկը հետեւողականօրէն պիտի հաստատէ մեր ամբողջ երկիրով մէկ։ Այսօր, փաստօրէն մենք ազդարարեցինք այդ աշխատանքի առաջին փուլի մեկնարկը։ Արարատեան պաքալորէայի միջոցաւ մենք պէտք է լուծենք նաեւ կարեւոր ընկերային խնդիր։ Ակնյայտ է, որ վերջին տարիներու ընթացքին ձեռնատիրական լուրջ գործունէութիւն ծաւալուած է նաեւ կրթական ոլորտէն ներս եւ արդէն իսկ ձեւաւորուած են շարք մը դպրոցներ, որոնք կը վարեն շատ եռանդուն կառավարման եւ գովազդային քաղաքականութիւն»։

Բաց աստի, Սերժ Սարգսեան աւելցուց հետեւեալը. «Մենք պէտք է կարենանք ստեղծել այնպիսի կրթական համակարգ մը, որ ըլլայ մրցունակ եւ պահանջուած՝ մրցունակ, պահանջուած նաեւ մեր այն հայրենակիցներուն համար, որոնք կ՚ապրին Հայաստանէ դուրս եւ անոնք ցանկութիւն պէտք է ունենան կրթութիւն ստանալ հայրենիքի մէջ՝ Հայաստանի մէջ, եւ սա ալ կ՚ըլլայ, կ՚երեւի, թէ հայրենադարձութեան բաղադրիչներէն մին»։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017