ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆ ԹԵՒԱԿՈԽԱԾ Է ԻՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԷ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ինչպէս միշտ, իր այցելութիւնով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ, սակայն այս անգամուան այցելութիւնը ունէր առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Զէքիեան Գերապայծառ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը պատուեց՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Մենք ջերմօրէն շնորհաւորեցինք զինքը, Զէքիեան Գերապայծառն ալ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ յղեց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սար-գսեանի կողմէ պարգեւատրման կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին, Գատըգիւղի Ս. Լեւոն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է գոհաբանական արարողութիւն՝ Զէքիեան Գերապայծառի քահանայագործութեան 50-ամեակի նշման համար։ Նոյն շարժառիթով Վատիկանէն ալ Զէքիեան Գերապայծառին հասած է շնորհաւորական մը։ Թէեւ նման առիթներով շնորհաւորականները կ՚ուղարկուին ընդհանրապէս պատկան բաժանմունքներու կարտինալներուն կողմէ, սակայն Զէքիեան Գերապայծառի պարագային Սուրբ Աթոռի կողմէ կատարուած է բացառութիւն մը եւ ուղղակի Ֆրնասիսքոս Ա. Պապի ստորագրութեամբ շնորհաւորական պատգամ մը յղուած է անոր։ Յարակից սիւնակին մէջ ներկայացուած է Սրբազան Քահանայապետի շնորհաւորական պատգամի հայերէն թարգմանութիւնը։

Զէքիեան Գերապայծառ թէեւ տասնամեակներէ ի վեր բարի համբաւ ձեռք բերած է իր մարմնաւորած հոգեւորականի կերպարով եւ ծաւալած կրթամշակութային գործունէութեամբ, սակայն այս վերջին տարիներուն իրերայաջորդ ստանձնած է վարչական ծանր պատասխանատուութիւններ։ Պոլսոյ մէջ վիճակաւոր դառնալու առընթեր ան Վատիկանի կողմէ կառավարիչ նշանակուած է Մխիթարեան միաբանութեան համար։ Վարչական այս ծանր պարտականութիւնները Զէքիեան Գերապայծառ յառաջ կը տանի իր ծով պաշարով ու փորձառութեամբ եւ այս շրջանին ակամայ մեր զրոյցներուն առանցքը կը թեքուի նաեւ դէպի իր գործունէութեան երեսակները։

Երէկուան մեր անմիջական զրոյցին ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ դարձեալ աշխարհէն հետաքրքիր օրինակներու լոյսին տակ, բաղդատութիւններով մեկնաբանեց թրքահայ մեր իրականութեան խնդիրները։ Իր համոզմամբ, թէեւ ճիշդ է, որ թրքահայութիւնը վարչական հարթութեան վրայ իր հաստատութիւններու պարագային կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, սակայն Թուրքիոյ մէջ հաստատուած վաքըֆներու դրութիւնը ամուր ու կայուն գետին մը կը համարուի այդ խնդիրներու լուծման հետամուտ ըլլալու համար, վերապահուած իրաւունքներով հանդերձ։ Վաքըֆներու դրութիւնը անձեռնմխելիութիւն մը կ՚ապահովէ հաստատութիւններու պարագային։ Այս կէտին վրայ ան յիշեցուց, որ վերջերս Նիւ Եորքի մէջ հոգեւոր առաջնորդի մը կարգադրութեամբ եկեղեցւոյ շէնք մը վաճառուած է ու վերածուած՝ առեւտուրի կեդրոնի։ Բարեբախտաբար, Թուրքիոյ մէջ հաստատուած վաքըֆներու դրութեան շնորհիւ նման գայթակղութիւնները հաւանականութիւն իսկ չեն դառնար։

Զրոյցի աւարտին կրկին շնորհաւորեցինք Զէքիեան Գերապայծառի յոբելեանը, իսկ ան իր գնահատանքը յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի որդեգրած չափաւոր եւ հաւասարակշռուած գիծին համար։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Զէքիեան Գերապայծառի քահանայագործութեան յիսնամեակը արձագանգ գտած է նաեւ Վատիկանի մէջ։ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս առթիւ իրեն ուղարկած է շնորհաւորական մը, որու հայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

ՊԱ­ՏՈ­ՒԱ­ԿԱՆ ԵՂ­ԲՕՐ
ԿՈՍ­ՏԱՆԴ­ՆՈՒ­ՊՈԼ­ՍՈՅ ՀԱ­ՅՈՑ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ
ԼԵ­ՒՈՆ ՊՕ­ՂՈՍ ԶԷ­ՔԻԵԱ­ՆԻՆ

Պետրոսի Յաջորդի ծանրագոյն պաշտօնը մինչ կը վարենք, կը վայելենք հոգեւոր եզակի օժանդակութիւնը համայն աշխարհի եպիսկոպոսներուն, որոնք տարբեր շրջաններու մէջ  Քրիստոսի Աւետարանը կ՚աւետեն՝ սփռելով փրկարար վարդապետութիւնը։ Ասոնց միջեւ ես նաեւ Դու, Պատուական Եղբայր, որ մօտերս Քահանայութեանդ ոսկեայ յոբելեանը պիտի տօնես։ Այս բարեբաստիկ առիթով, սիրայօժար կ՚ուղղենք Քեզի այս սրտաբաց խօսքերը, մասնակցելու համար քու ուրախութեանդ՝ վերյիշելով նուիրումիդ գլխաւոր հանգրուանները։

Հազիւ տասներկու տարեկան մուտք գործեցիր Հայոց Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան ընծայարանը։ Լրացնելով յանձնարարուած ուսումները եւ յետ կատարելու ուխտերդ, 1967-ի Մայիսի 21-ին քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացար։ Իսկոյն նուիրուեցար եռանդուն գործունէութեան ի նպաստ Վենետիկի փոքր Հայ հասարակութեան հոգեւոր բարւոյն, ցուցաբերելով միանգամայն էկումենական հոգածութիւն։ Միաժամանակ յաջող կերպով կատարեցիր դասախօսի պաշտօնը թէ՛ Վենետիկ, թէ՛ Հռոմ՝ Քահանայապետական Արեւելեան Ինստիտուտին մէջ, ինչպէս նաեւ Խորհրդականի պաշտօնը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին մօտ։

Հովուական նուիրումիդ նոր հանգրուանը սկսար 2014-ին, երբ Մենք իսկ քեզ Եպիսկոպոսական աստիճանին բարձրացուցինք ու քեզ՝ գահակալի առընթեր՝ Առաքելական Կառավարիչ կարգեցինք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Արքեպիսկոպոսական թեմին՝ որու, յաջորդ տարին, լիիրաւ վիճակաւորութիւնը ստանձնեցիր։ Փութաջան գործունէութիւն ծաւալեցիր ի սպաս Աւետարանի քարոզութեան, Խորհուրդներու մատակարարման եւ առտնին մատակարարութեան։ Փոյթեռանդն՝ բարեացակամ բոլոր մարդոց հոգեւոր յառաջդիմութեան, մասնաւոր հոգածութիւն ցուցաբերեցիր ընտանիքներու հանդէպ՝ որոնց օժանդակեցիր, յատկապէս դժուար կացութիւններու մէջ, ուրախութիւն եւ քրիստոնէական ճշմարիտ յոյս ներշնչելով անոնց առօրեայ կենցաղին Աղօթքով եւ ընթացակերպովդ քրիստոնէական կրօնքին գեղեցկութեան վկայելով, բաց հոգիի վերաբերում ցոյց տուիր, որու համար քեզ կը գնահատեն նաեւ ոչ քրիստոնեաները։ Յիշենք նաեւ գործունէութիւնդ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակման ի նպաստ, աչալուրջ աշխատանքդ Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց Համաժողովին մէջ՝ որու ներկայիս Նախագահութիւնը կը վարես, եւ հուսկ՝ Հայոց Մխիթարեան Միաբանութեան համար Քահանայապետական Պատուիրակի պաշտօնդ, զոր անցեալ տարուընէ սկսեալ խոհեմաբար առաջ կը տանիս։

Ուրեմն, Քահանայական ձեռնադրութեանդ ոսկեայ յոբելանին առթիւ, կ՚աղօթենք որ աստուածային մխիթարութիւնը սփոփէ քեզ եւ վարձահատոյց ըլլայ քու արժանիքներուդ։ Հուսկ, նախ քեզի կը շնորհենք սիրով մեր Առաքելական Օրհնութիւնը, զոր կը տարածենք նաեւ քու հօտիդ բոլոր հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն եւ անոնց՝ որոնք պիտի մասնակցին յոբելեանիդ նշումին, մինչ կը խնդրենք ձեր բոլորին աղօթքը՝ որպէսզի Պետրոսեան Մեր պաշտօնը ամենէն արդիւնաւէտ ձեւով կարենանք կատարել։

Վատիկանէն, 2017 տարւոյ 10 Ապրիլին, Մեր Քահանայապետութեան հինգերորդ տարին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017