Չորեքշաբթի 1, Յունուար 2025
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ երէկ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը տեւած է շուրջ երկու ժամ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու յառաջիկայ հանգրուանին վերաբերեալ խնդիրներ եւ մօտեցումներ։
Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019