ԱՆՇԵՂ ՎԵՐԵԼՔ

Երէկ, մեր համայնքը Համբարձման տօնը նշեց՝ միեւնոյն ժամանակ տօնախմբելով Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այսպէս, օրուան ողջ տեւողութեան մեծ խանդավառութիւն ապրուեցաւ հիւանդանոցէն ներս, որու հիմնադրութեան 187-րդ տարեդարձը տօնախմբուեցաւ աւանդական շուքով, կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններով։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները։

Առաւօտուն Ս. Փրկիչ մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ նորին սրբազնութեան, կատարուեցաւ Անդաստանի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Հոգեպարար արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Անդաստանէն վերջ Գթութեան յարկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական բացման արարողութիւն մը։ Այսպէս, հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ հիւանդանոցի վերանորոգեալ բաժանմունքներէն մին ձօնուած է հոգելոյս Սեդրակ Թոքատի յիշատակին։ Մօտաւոր անցեալին երկար տարիներ հաստատութեան ծառայած, հոգաբարձութիւնը գլխաւորած երախտաշատ այս դէմքին անունով վերանուանուած է այդ բաժանմունքը։ Ներառեալ Սեդրակ Թոքատի յիշատակին ձօնուածը, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս երէկ ընդհանուր առմամբ վերանորոգեալ երեք բաժին շահագործման յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Այդ բաժիններէն մէկուն ալ հովանաւորը եղած էր յայտնի բարերար Բարսեղ Սարայլը։ Իւրաքանչիւրի պարագային խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ բարերարներն ու հոգաբարձութեան պատասխանատուները։ Բոլորը ուրախութեամբ ողջունեցին հիւանդանոցէ ներս այս վերանորոգեալ բաժիններու շահագործման յանձնուիլը։

Աւելի վերջ սարքուեցաւ Համբարձման աւանդական սեղանը, որուն եւս հանդիսապետեց ընդհանուր փոխանորդը, իր կողքին ու-ահըՒէնենալով կրօնական ժողովի ատենապետն ու հոգեւոր հայրերը։ Սեղանին շուրջ էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ներկաներու շարքին էին հաստատութեան բարերարներ, նախկին վարիչներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիր։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Համբարձման աւանդական այս հաւաքոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ լուրջ ջանքեր գործադրուած էին հիւանդանոցի անձնակազմին կողմէ, ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Ասլանի վերահսկողութեամբ։

Համբարձման սեղանին ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մարգրիտ Ասլան, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլու։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Հոգաբարձութիւնը յուշանուէրներ պատրաստած էր վաստակաւոր երեք բժիշկներու համար, որոնք տասնամեակներէ ի վեր մասնագիտական գործունէութիւն կը ծաւալեն եւ աշխատած են հիւանդանոցէ ներս։ Այդ բժիշկներն էին՝ Այտա Պաթուր-Տամար, Թերճան Միլտանօղլու եւ Արթին Մեծատուր։ Բաց աստի, հոգաբարձութիւնը յուշանուէր մը պատրաստած էր նաեւ հիւանդանոցի բազմամեայ պատասխանատուներէն Թորոս Էօզհալաճեանի համար, որ երկար տարիներէ ի վեր ստանձնած էր հաշուապահութեան պատասխանատուութիւնը։

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Համբարձման սեղանին ժամանակ ընդգծեց, որ մեր համայնքը ներկայիս ունի շարք մը առաջնահերթ խնդիրներ, որոնք են պատրիարքական ընտրութիւնը, համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնը, կրթական ոլորտէ ներս բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը, համայնքի միջոցներու ընդհանուր առմամբ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործումը։ Մատնանշելով այս բոլորը Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց նաեւ իր կանխատեսումը, ըստ որու յառաջիկայ շուրջ երկու տարուան ժամանակաշրջանին դժուար թէ պետութիւնը թոյլտուութիւն տայ՝ վերանորոգելու համար համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու կազմերը աւանդական ընտրութեան միջոցաւ։ Ուստի, Շիրինօղլու յայտնեց, որ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ կը ծրագրէ մեր համայնքի երիտասարդները ներգրաւել իր կազմին մէջ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս առթիւ ան Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը նմանցուց մեծ նաւու մը, որու գլուխը կը գտնուի նաւավար մը եւ այս պարագային նաւավարն է Պետրոս Շիրինօղլուն։ Նորին սրբազնութիւն ընդգծեց, որ Ազգային հիւանդանոցը իր պատմութեան ամենափայլուն շրջաններէն մին կ՚ապրի։ Արդարեւ, նաւավարը շատ լաւ է, շատ լաւ կ՚աշխատի եւ անուրանալի են անոր ջանքերուն պտուղները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ այսօր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը մրցակցութեան մէջ է քաղաքիս, մեր երկրի լաւագոյն հիւանդանոցներուն հետ։ Դժուար չէ ենթադրել, որ այս ծաւալով, այս մակարդակով հաստատութեան մը ղեկավարումը դժուար է։ Ընդհանուր փոխանորդը ընդգծեց, որ հիւանդանոցէն ներս լաւ ձեռքբերումներ կ՚արձանագրուին։ Երէկ բացուած վերանորոգեալ երեք բաժանմունքներուն առընթեր իրենք վերահասու դարձած են նաեւ նոր ծրագրերու։ Ան յայտնեց, որ կրնան ըլլալ մարդիկ, որոնք այս բոլորը չեն գնահատեր, սակայն կարեւորը այն է, որ Բարձրեալն Աստ-ւած վարձահատոյց ըլլայ, գնահատէ այդ բոլոր աշխատանքը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատանքով ընդգծեց նաեւ, որ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր գործակից հոգաբարձու ընկերները հիւանդանոցէ ներս կը ջանան նոր բաժանմունքներու վերանուանումներով երախտագիտութեան տուրք մատուցել նախկին վարչայիններու նկատմամբ՝ անմահացնելով անոնց անունները։ Սա գնահատելի ոգի մըն է։ Յամենայնդէպս, նորին սրբազնութիւնը փափաք յայտնեց, որ Գթութեան յարկէն ներս ստեղծուի նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուի անունով բաժանմունք մը։

Համբարձման սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019