Շաբաթ 21, Դեկտեմբեր 2024
ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ՓԱՆԵԼ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ մասնակցեցան փանելի մը։ «GLOBSEC 2023 Bratislava Forum»ի շրջանակէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին Արմէն Գրիգորեան կրկնեց, որ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ան աւելցուց, որ Ատրպէյճան ու մանաւանդ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւ երբեք չեն ըսեր, թէ կը ճանչնան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Իր կարգին, Հիքմէթ Հաճիեւն ալ յայտնեց, որ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները կը նենգափոխուին Երեւանի մէջ։
Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2023