Ո՞Վ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՅ

Եթէ կ՚ուզէք կռիւ ստեղծել ընդդիմադիր որեւէ շարժման մէջ, հարցուցէք. «Իսկ ո՞վ է վարչապետի ձեր թեկնածուն»: Գրեթէ անվրէպ աշխատող գործիք է. 10-20 հոգիի մը մէջ կ՚արթննայ «էկօ»ն եւ անոնք կա՛մ բարձրաձայն, կա՛մ հոգիի խորքին հարց կու տան. «Իսկ ինչո՞ւ ոչ ես»: Ճիշդ նոյն պատճառով, ի դէպ, մեզ մօտ բազմաթիւ են մարդ-կուսակցութիւնները։ (…) Եւ սովորաբար 4 հոգինոց կուսակցութիւնները կը բաժնը-ւին 4 մասի:

«Ո՞վ է վարչապետի ձեր թեկնածուն» հարցումը ունի եւս մէկ հետեւանք: Եթէ ընդդիմադիրները սխալին ու որեւէ անուն տան (ինչպէս 2020 թուականին եղաւ Վազգէն Մանուկեանի պարագային), այդ անձնաւորութեան դէմ կը սկսի վայրագ հակաքարոզչութիւնը: Այս բանին ամենաարդիւնաւէտ ձեւերէն մէկը հետեւեալն է. «Ես, ի հարկէ, Նիկոլը չեմ ընդունիր, բայց Վազգէն Մանուկեանը…» (կրնայ ըլլալ որեւէ անուն-ազգանուն): Չկայ թեկնածութիւն, որ բոլորին դիւր կրնայ գալ։ Հետեւաբար, միշտ կարելի է պատճառաբանութիւն բերել՝ «քանի որ ինք կայ, ես այդ գործին մէջ չկամ»:

Միւս կողմէ, սակայն, եթէ ընդդիմադիր շարժումը կ՚ուզէ յաջողութեան հասնիլ, ապա ան պէտք է բացառէ բարձր հակավարկանիշ ունեցող գործիչներէ որեւէ ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութիւն: Տուեալ պարագային խօսքը առաջին հերթին Ռոպերթ Քոչարեանի մասին է: Աւելին, եթէ երկրորդ նախագահը իշխանափոխութիւնը աւելի կը կարեւորէ՝ քան իր իշխանութեան վերադառնալը, ապա ան պէտք է յայտարարէ, որ վարչապետ ըլլալու որեւէ ցանկութիւն չունի:

Եթէ կը յիշէք, 2021 թուականի ընտրութիւններէն առաջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կ՚առաջարկէր երեք նախագահներուն միաւորուիլ, բայց յայտարարել, որ իրենք՝ նախկին ղեկավարները, որեւէ պաշտօնի կամ լիազօրութեան յաւակնութիւն չունին:

Ճիշդ նոյնութեամբ այդ մօտեցումը, ի հարկէ, հնարաւոր չէ կիրառել, բայց սա, ընդհանուր առմամբ, աշխատող ձեւ մըն է. ոչ թէ յայտարարել, որ ով է վարչապետի թեկնածուն, այլ՝ ով որեւէ պարագայի մէջ չըլլար այդ թեկնածուն:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024