ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԻ ՎՐԱՅ
Տնտեսական աշխարհէ ներս մասնագիտական մակարդակի վրայ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի աստղը փայլիլ կը շարունակէ։ Տնտեսութեան ոլորտէ ներս հրապարակած հետազօտութիւններով ծանօթ «RePec» հարթակը պատրաստեց ցուցակ մը, որ կ՚ընդգրկէ աշխարհի ամենակարեւոր տնտեսագէտները։ Սոյն հարթակին մասնակից 2 հազար 223 տնտեսագէտները արժեւորման ենթարկուեցան այս ցանկի ձեւաւորման հանգրուանին։ Արդիւնքին, առաջին կարգի վրայ դիրք գրաւեց Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու։
MIT-ի տնտեսագիտութեան դասախօսներէն Փրոֆ. Աճէմօղլուին հետեւեցան Հարուըրտի համալսարանէն Անտրէ Շլայֆըր, Շիքակոյի համալսարանէն Ճէյմս Հեքմըն եւ Հարուըրտի համալսարանէն Ռապըրթ Պարրօ։ Ցուցակին վրայ 25-րդ շարքը զբաղեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ Պեն Պերնանքէ։
«RePec» ցուցակին վրայ արժեւորումները կատարուած են՝ նկատի առնելով վերջին տասը տարուան ակադեմական աշխատանքները, մէջբերումները, ժողովրդականութեան գործօնը եւայլն։ «Միլլիյէթ» օրաթերթն ալ այսօր կ՚անդրադառնայ Տարօն Աճէմօղլուի վերաբերեալ այս իրադարձութեան՝ մատնանշելով, որ ան հայկական արմատներով թուրք գիտնական մըն է։ Իսթանպուլի մէջ ծնած Տարօն Աճէմօղլու Կալաթասարայ լիսէն աւարտելէ վերջ ուսումը շարունակած է արտասահմանի մէջ։ Նոյնպէս «RePec»ի ցուցակին վրայ ան նախապէս ալ յայտնուած էր՝ դասուելով աշխարհի այն տասը տնտեսագէտներու շարքին, որոնց տեսութիւններուն յղում կը կատարուի առաւել չափով կամ որոնցմէ կը կատարուին մէջբերումներ։
Ճէյմս Ռապընսընի հետ Տարօն Աճէմօղլու հեղինակած է «Ազգերու անկումը» անուն գիրք մը, որ նոյնպէս ունեցած է լայն արձագանգ։ Խիստ հաւանական կը նկատուի, որ Տարօն Աճէմօղլու նուաճէ նաեւ Նոպէլի տնտեսագիտութեան մրցանակը։
Մօտաւոր անցեալին Տարօն Աճէմօղլուին պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուած էր «Պիլքենթ» համալսարանին կողմէ, Անգարա։ 2013 թուականին ալ ան արժանացած էր Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի եւ արուեստի մեծ մրցանակին։