ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔ
Անուշ Թրուանց մեզի կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ իր աշխատանքները եզրափակեց «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ համաժողովը, որ կազմակերպուած էր Սփիւռքի նախարարութեան եւ ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Համաժողովի վերջին օրուան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Աննա Յակոբեան, Մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» կեդրոնէն Քնարիկ Աբրահամեան, Ֆրանսայի «Մկնիկ» մանկապարտէզէն Արմինէ Գրիգորեան, Լեզուի կաճառէն Անահիտ Քարտաշեան, Յարութ Մարաշլեան, Լիբանանէն Սօսէ Փիլաւճեան, Երեւանի Լեզուագիտական համալսարանէն Լալիկ Խաչատրեան, կրթական մշակներ, մամլոյ եւ դպրոցներու աշխատակիցներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:
Ելոյթ ունեցողներէն իւրաքանչիւրը իր պատկերացմամբ ներկայացուց արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման հնարաւոր ուղիները: Զուգահեռ անդրադարձներ եղան նաեւ լեզուի անաղարտութեան եւ հայերէնի ուղղագրութեան: Մանաւանդ ուղղագրութեան հարցը այն հիմնական մեխն էր, որուն վրայ ելոյթ ունեցողներ կը կառուցէին իրենց միտքերը՝ պնդելով, որ առանց ուղղագրութեան հարցը լուծելու՝ կարելի չէ խօսիլ մերձեցման եւ փոխառընչութիւններու մասին: