ԵՒՍ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուր­քիա ան­նա­խըն­թաց պայ­քար մը կը մղէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ա­հա­բեկ­չու­թեան հար­ցը ան­պա­կաս է երկ­րի օ­րա­կար­գէն՝ ա­մե­նաող­բեր­գա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այս խնդի­րը մա­սամբ մտած է լուծ­ման հու­նի մը մէջ, ինչ որ լա­ւա­տե­սու­թիւն ներշն­չած էր հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Ներ­կա­յիս, այս ի­մաս­տով ստեղ­ծուած է յու­սա­խա­բու­թեան մթնո­լորտ մը, ինչ որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րին վճռա­կա­նու­թիւնն ալ ա­ւել­ցու­ցած է։

Վեր­ջին օ­րե­րուն թէ՛ երկ­րէն ներս եւ թէ երկ­րէն դուրս գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց-ւին ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն դէմ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Մի­ջազ­գա­յին սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կ՚ոչն­չաց­նեն ի­րենց թի­րախ­նե­րը։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը երկ­րէն ներս ալ յա­ռա­ջա­ցու­ցած են ար­տա­սո­վոր մթնո­լորտ մը։ Ար­դա­րեւ, ա­հա­բեկ­չա­կան հար­ցին շուրջ երկ­րին բուն օ­րա­կար­գը տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր պայ­մա­նա­ւո­րուած է ՓՔՔ­-ի բռնա­րարք­նե­րով, ո­րոնք վերս­տին սաստ­կա­ցած են վեր­ջին օ­րե­րուն։ Ե­րէկ ՓՔՔ­-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Շըր­նա­քի մէջ ե­րեք զի­նուոր նա­հա­տա­կե­ցին։ Գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ալ Ա­տա­նա­յի Փո­զան­թը գա­ւա­ռա­կին մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը յար­ձա­կում մը գոր­ծե­ցին Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան վրայ։ Այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով ալ եր­կու ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Այսպէսով, երէկ Թուրքիա խոր յուզում ապրեցաւ այս հինգ նահա-տակներու կորուստով։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սպան­նուե­ցան եր­կու ՓՔՔ­-ա­կան­ներ։

Ա­հա­բեկ­չու­թեան խնդրին այս շրջա­նին բա­ցա­յայ­տօ­րէն ա­ծան­ցուած են նաեւ շարք մը ներ­քին քա­ղա­քա­կան գոր­ծօն­ներ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան եւ այս վերջ­նոյն հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ­նե­րէն Սե­լա­հատ­տին Տէ­միր­թա­շի դիր­քո­րոշ­ման բե­րու­մով։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն՝ ան վեր­ջին օ­րե­րուն թի­րա­խը դար­ձած է պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին՝ ո­րով­հե­տեւ ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով հան­դէս կու գայ մե­ղադ­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ Նոյն հի­ման վրայ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը իր պա­րա­գա­յին հար­ցաքն­նու­թեան մը նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն ձեռ­նար­կած են, ինչ որ լայն ար­ձա­գանգ կը գտնէ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ շա­րու­նա­կե­ցին հան­դէս գալ վճռա­կան պատ­գամ­նե­րով։ Այս բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը հա­մընկ­նած են այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ Թուր­քիոյ մէջ ան­ցու­մա­յին շրջան մը կ՚ապ­րուի՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման հանգ­րուա­նին։ Էր­տո­ղան ե­րէկ ընդգծեց, որ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րէն դժուար թէ օ­գուտ մը գայ երկ­րին։ Հե­տե­ւա­բար, ե­թէ ներ­կայ միջ­կու­սակ­ցա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն ար­դիւնք ա­պա­հո­վել կա­րե­լի չըլ­լայ, ա­պա ան կողմ­նա­կից է ձե­ւա­ւո­րել փոք­րա­մաս­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը եւ փու­թով եր­թալ կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան։

Բաց աս­տի, Էր­տո­ղան ընդգծեց, թէ Ի­ՇԻՊ-ի նման ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը դուրս են իս­լա­մէն։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015