ՅՍՏԱԿԵՑՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ ձե­ւա­չա­փի մէջ Ֆրան­սա­յի տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­գե­լա­փա­կու­մը հա­կազ­դե­ցու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քին մօտ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիու­սի եւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պեռ­նար Քազ­նէօվի կող­մէ ստո­րագ­րուած շրջա­բե­րա­կա­նով մը ար­գելք սահ­մա­նուած էր՝ Ֆրան­սա­յի կող­մէ չճանչ­ցուած միա­ւոր­նե­րուն հետ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, ա­նոնց հետ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու կնքման հա­մար։ Այս ծի­րին մէջ նե­րառ­նուած էր նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը։

Փա­րի­զի, «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը (CCAF) այս կա­պակ­ցու­թեամբ շփման մէջ ան­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ։ Այս­պէս, CCAF-ի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Մու­րատ Փա­փա­զեան եւ Ա­րա Թո­րա­նեան քա­նի մը օր ա­ռաջ այ­ցե­լե­ցին Քէ տ՚Օր­սէ, ուր տե­սակ­ցե­ցան Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ԱՊՀ-ի, անվը-տան­գու­թեան ու ռազ­մա­վա­րա­կան հար­ցե­րու խորհր­դա­կա­նին հետ։ CCAF-ի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այս առ­թիւ յի­շե­ցու­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոր՝ ռազ­մա­տենչ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ են­թար­կուած շրջա­փա­կու­մէն դուրս գա­լու ի­րա­ւուն­քը։ Ա­նոնք պա­հան­ջե­ցին, որ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ ընդգր­կուի ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նա­կին մէջ եւ տե­ղե­կու­թիւն տրուի օ­րէնսդ­րա­կան այն շրջան­ցում­նե­րուն կամ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կրնան կա­րե­լիու­թիւն ըն­ձե­ռել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ֆրան­սա­յի տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։

Ֆրան­սա­ցի դի­ւա­նա­գէտ Կիոմ Օ­լա­նիէ դի­տել տուած է, որ խնդրոյ ա­ռար­կայ շրջա­բե­րա­կա­նին նպա­տակն է նա­հան­գա­պետ­նե­րուն յի­շեց­նել ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րէնսդ­րա­կան շրջա­նա­կը եւ տե­ղա­կան ընտ­րեալ­նե­րուն նկա­տառ­ման յանձ­նել, որ ան­կա­րե­լի է Ֆրան­սա­յի կող­մէ չճանչ­ցուած միա­ւոր­նե­րը օ­րի­նա­պէս ճանչ­նալ որ­պէս ան­կախ պե­տու­թեան մը պատ­կա­նող տա­րածք­ներ։ «Բայց այս մէ­կը չի նշա­նա­կեր, որ կա­րե­լի չէ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տել եւ զա­նոնք զար­գաց­նել», ը­սած է ան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Օ­լա­նիէ յանձ­նա­ռու ե­ղած է Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ տե­սակ­ցե­լով՝ հար­ցը յստա­կաց­նե­լու եւ հրա­պա­րա­կուած շրջա­բե­րա­կա­նին հա­ւա­նա­կան թիւր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015