ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան յայտարարեց, որ եթէ Ատրպէյճան նոր յարձակման մը անցնի՝ ապա պիտի ընդլայնուի Արցախի շրջակայքի անվտանգութեան գօտին ու պիտի վերականգնուին անցեալ տարի անոր հսկողութեան տակ անցած սահմանափակ յենակէտերը։

Լեւոն Մնացականեան շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Օրակարգէ դուրս» հաղորդաշարի ընթացքին։ Այս առթիւ ան հանդէս եկաւ ուշագրաւ եւ զգայացունց յայտարարութիւններով՝ պատասխանելով վերջին շրջաններուն Պաքուէն հնչած կարգ մը սպառնալիքներուն, մասնաւորապէս Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի շարք մը պնդումներուն։ Հարցազրոյցի ընթացքին Լեւոն Մնացականեան ըսաւ.

«Ատրպէյճանի նոր յարձակման պարագային մենք պիտի անցնինք հակայարձակման եւ պիտի ընդլայնենք անվտանգութեան գօտին։ Այդ հակայարձակողական գործողութիւններու ընթացքին մենք պիտի ընդլայնենք այսօրուան մեր գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան գօտիի լայնութիւնն ու խորութիւնը, 2006 թուականի ապրիլեան գործողութիւններու այդ սահմանափակ յենակէտերը, որոնք անցած են իրենց հսկողութեան տակ, միանշանակ պիտի վերականգնուին»։

Մնացականեան աւելցուց, որ այլեւս տեղի չեն ունենար Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձեր։ «Այլեւս թոյլ չենք տար իրենց այդ բաները իրականացնել։ Ամբողջ սահմանային գծի երկայնքով մենք վերահսկողութիւն կ՚իրականացնենք՝ ներառեալ գիշերային պայմանները։ Նման վերջին փորձին իրենք ձեռնարկեցին այս տարուան 24-25 Փետրուարի գիշերը ու մենք տեղեակ ենք արդիւնքի մասին։ Ունէին վեց զոհ, որոնց հինգը թողած էին դաշտի վրայ ու մէկը ծանր վիրաւորուած էր, աւելի վերջ մահացաւ հիւանդանոցի մէջ։ Այս բանէն վերջ ընդհանրապէս բացառուած են հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերը», ըսաւ Մնացականեան։

Զաքիր Հասանով վերջերս յայտնած էր, որ Ատրպէյճան ունի հնարաւորութիւն Հայաստանի «Իսքանտէր» հրթիռները ոչնչացնելու։ Ըստ Մնացականեանի, ոչ թէ Ատրպէյճան, այլ նոյնիսկ աշխարհի յառաջատար երկիրները չունին «Իսքանտէր» հրթիռները ոչնչացնելու հնարաւորութիւն։ Ընդհանուր առմամբ, Լեւոն Մնացականեանի խօսքերով, Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնները կը կատարուին վախու զգացումով։ Այդ յայտարարութիւններուն նպատակը կ՚ըլլայ հանգստացնել Ատրպէյճանի հասարակութիւնը։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի բանակը լուրջ խնդիրներ ունի իր զինատեսակներու կիրառման արդիւնաւէտութեան առումով։ Ատրպէյճան թէեւ աւելի շատ յայտարարութիւններ կ՚ընէ յարձակողական մարտավարութեան մասին, սակայն իրականութեան մէջ կ՚իրականացնէ պաշտպանական լուրջ աշխատանքներ։ Նախարարին խօսքերով, 2016 թուականի Ապրիլի գործողութիւններուն ժամանակ ազէրի բանակը օգտագործած էր լաւագոյն արդի ժամանակակից ռազմական սարքաւորումները։ Ատրպէյճանի բանակը կիրառած էր «Սմերչ» համակարգեր, հրանետային համակարգեր, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած հրթիռային միջոցներ, անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց մէկ մասը ճշգրիտ խոցման միջոցներ են։ «Ունեցած են ընդամէնը մասնակի յաջողութիւն տուեալ ուղղութիւններուն մէջ։ Սա մեզի ցոյց կու տայ, որ հակառակ ձեռքբերումներուն, այնուամենայնիւ, իրենք խնդիր ունին կիրառման առումով, այդ սարքաւորումներու իւրացման առումով։ Մէկ անգամուան ուսուցումը տակաւին չի նշանակեր, որ ստորաբաժանումը կամ զօրամասը պատրաստ է զանոնք արդիւնաւէտ կիրառելու։ Չեմ կարծեր, թէ անոնք ի վիճակի են այդ բոլորը մինչեւ վերջ իւրացնելու, արդիւնաւէտ օգտագործելու սահմանային գործողութիւններու ընթացքին», ըսաւ Մնացականեան։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ ձեռք բերուած նոր զինատեսակներուն՝ Մնացականեան յայտնեց, որ կողմերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը երբեք չէ խախտուած ու պիտի չխախտուի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017