ՀԲԸՄ-Ի ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԿԸ ՊԱՀԷ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) համացանցային համալսարանը կը շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել հայերէնի ուսուցման հարցը։ ՀԲԸՄ-ի համացանցային համալսարանը վերջերս «e-Hangouts» համակարգին վրայ ստեղծած է հայերէնի գործածութեան յարմարութիւն։ «e-Hangouts»ի վրայ հաստատուած այս կարելիութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի առցանց ուսուցումը խրախուսելու տեսանկիւնէն։ Թէեւ տակաւին մօտաւոր անցեալին սկսած է այս աշխատանքը, սակայն առաջին արդիւնքները ողջունելի եւ դրական են։ Այս տարի, Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ սոյն ծրագրին մեկնարկը կատարուած է։ Անցնող կարճ ժամանակաշրջանին արձանագրուած արդիւնքները կ՚արդարացնեն սպասումները։ Առցանց ուսումը խրախուսելու համար ՀԲԸՄ-ի համացանցային համալսարանին մօտ կատարուած են թարմացումներ։ «e-Hangouts»ի պարագան ուշագրաւ է նաեւ բազմալեզու ուսուցման եւ միջազգային գետնի վրայ հայերէնով համապատասխան ներդրում մը կատարելու առումով։

ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Երուանդ Զօրեան, որ միեւնոյն ժամանակ Համացանցային համալսարանի հիմնադիր-ղեկավարն է, այս մասին վերջերս հանդէս եկաւ ամփոփ գնահատականով մը։ Ըստ իրեն, «e-Hangouts»ի շնորհիւ ստեղծուած հնարաւորութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ոչ միայն իրենց առցանց ուսանողներուն համար, այլ ընդհանրապէս հաղորդակցութեան կարեւոր միջոց մը կը համարուին կլոպալ հայերու տեսակէտէ։

ՀԲԸՄ-ի համալսարանային համացանցի միջոցաւ ընձեռուած այս նոր հնարաւորութիւնը կը ծանօթացուի հայկական ամբողջ սփիւռքին։ Բաց աստի, Երեւանի մէջ, Մանկական գրադարանի երդիքին տակ ալ կազմակերպուած է ձեռնարկ մը՝ նոյնպէս ծանօթացման նպատակով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017