ՄԱՅՔ ՓԵՆՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՔ ԵՐԿԻՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենս ներկայիս շրջայց մը կ՚իրականացնէ դէպի Էսթոնիա, Վրաստան եւ Քարատաղ։ Մայք Փենսի ուղեւորութեան առաջին կանգառն էր Էսթոնիան, ուր ան շփումներ ունեցաւ շաբաթավերջին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մայք Փենս կ՚այցելէ այն երեք երկիրները, որոնք մտահոգութիւն յայտնած են իրենց պարագային Ռուսաստանի մտադրութիւններուն վերաբերեալ։ Թիֆլիզի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Եան Քելլի միջոց մը առաջ յայտնած էր, որ Ռուսաստան ամէն ինչ կ՚ընէ՝ թոյլ չտալու համար Վրաստանի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին եւ այսպէսով հրաժարելով յարգել երկրին ինքնիշխանութիւնը։
Սպիտակ տան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Մայք Փենսի ներկայ այցելութիւնը կը համարուի ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ մօտաւոր անցեալին Եւրոպա կատարած այցելութեան շարունակութիւնը։ Յուլիսի սկիզբին Թրամփ այցելած էր Լեհաստան եւ Գերմանիա՝ իր աջակցութիւնը յայտնելու համար ի նպաստ ՆԱԹՕ-ին։ Ան հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հարկ է նշել, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վերջերս ընդունուեցաւ բանաձեւ մը, որու հիման վրայ կը նախատեսուի Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու սաստկացումը։ Սպիտակ տունն ալ հաղորդեց, որ Տանըլտ Թրամփ կը ստորագրէ այդ նոր պատժամիջոցներու վերաբերեալ օրինագիծը։ Իր հերթին, Մոսկուան ալ կը պատրաստուի Ուաշինկթընի դէմ փոխադարձ պատժամիջոցներ գործադրելու։
Ռուսական կողմը այս ծիրին մէջ առաջին հերթին պահանջած է Մոսկուայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան անձնակազմի թիւին կրճատուիլը։