ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՎԵՐԵԼՔ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) համատեղ ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ԵՊՀ-ի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ։ Ամառնային դպրոցի մասնակիցները աշխատանք տարին հինգ ուղղութիւններով, որոնք են՝ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում, հայոց լեզուի ուսուցիչներու ու կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում, երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում, ազգային երգի խմբավարներու ու պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացք, երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործիչներու դասընթացք։

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ փոխանցուած ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն ներկայացուց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, որու համոզմամբ, նոր կապերն ու յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը ձեւաւորեն հայկական զօրաւոր ցանց մը եւ այդ մէկը պէտք է դառնայ հայապահպանութեան երաշխիքներէն մին։

Ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ ԵՊՀ-ի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի գծով պատասխանատու Մհեր Յովհաննիսեան, որ նշեց, թէ շնորհիւ այս աշխատանքին իւրաքանչիւր տարի նորանոր յաջողութիւններ կ՚արձանագրուին։ Արտայայտուեցան նաեւ ամառնային դպրոցի մասնակից կրթական մշակներ եւ ծրագրի ուղղութիւններու ներկայացուցիչները։ Այնուհետեւ այս տարուան մասնակիցներուն յանձնուեցան վկայականներ։ Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017