ԲՈՒՌՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որ տեւեց 5 ժամ 15 վայրկեան։ Թուրքիոյ մէջ պետական կառավարման նոր համակարգի հաստատուելէն վերջ առաջին անգամ գումարուեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը՝ համապատասխան կազմով։

Երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան մասնաւորապէս Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները։ Արդարեւ, Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ներկայիս կ՚ապրուին վերիվայրումներ։ Պատուելի Էնտրու Պրանսընի Թուրքիոյ մէջ ձերբակալւիլը վերջին օրերուն պատճառ դարձած է Ուաշինկթընի բուռն հակազդեցութեան։ Յամենայնդէպս, խնդիրները այսքանով սահմանափակ չեն։ Անգարան ալ ծայր աստիճան անհանգիստ է «F-35» ռազմաօդանաւերու գործարքին շուրջ ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած ետքայլին պատճառով։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ մատնանշուեցաւ, որ ԱՄՆ-ի կողմէ որդեգրուած սպառնական ոճը կը համարուի անարգանք՝ դաշնակցային յարաբերութիւններու նկատմամբ ու բացարձակապէս անընդունելի է։

Զեկոյցին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ԱՄՆ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ծրագրերը կախուածութեան մէջ կը դնէ համաձայնութիւններու անյարիր պայմաններէ, համապատասխան որոշումներ կը հրապարակէ եւ նման յայտարարութիւններ կ՚ընէ։ Թրքական կողմը զգուշացուց, որ այս բոլորը երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան անհաւասարակշռելի վնասներ պիտի հասցնեն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018