ԹՐԱՄՓ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՏԵՍԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՌՈՒՀԱՆԻԻ ՀԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու վերիվայրումները այս շրջանին դարձեալ մտահոգութեան տեղի կու տան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Ուաշինկթընի մէջ ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը արդէն դժգոհութիւն յայտնած էր՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ապահովուած միջազգային համաձայնութեան առընչութեամբ։ Տանըլտ Թրամփ որոշած էր իր երկրին մասնակցութիւնը դադրեցնել ու վերստին բռնամիջոցներ գործադրել Իրանի դէմ։ Մինչ այս բոլորը պատճառ դարձած են նոր լարուածութեան եւ միջազգային ընտանիքի խոր անհանգստութեան, Տանըլտ Թրամփ երէկ հանդէս եկաւ անակնկալ յայտարարութիւնով մը։ Ամերիկացի ղեկավարը յայտարարեց, որ պատրաստ է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ տեսակցելու առանց նախապայմանի։ Թեհրանի ղեկավարութեան արձագանգը չուշացաւ Թրամփի այս խօսքերուն։ Հասան Ռուհանիի վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւնները հնարաւոր կրնան դառնալ՝ եթէ ամերիկեան կողմը վերադառնայ միջուկային համաձայնութեան։

Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ԱՄՆ Արաբական ծոցի վեց երկիրներէ բաղկացեալ անվտանգութեան ու քաղաքական դաշինք մը ստեղծել կը ձգտի Իրանի դէմ, զոր սպառնալիք կը համարէ Միջին Արեւելքի մէջ։

Իր կարգին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ալ յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի վարած քաղաքականութիւնը անհնար կը դարձնէ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ բանակցութիւնները։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018