ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԵՐԸ ՄԻՇՏ ՇԻՆԻՉ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումները՝ նպաստելով անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ երկխօսութեան զարգացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Սփութնիկ» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութեան։ Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Մոսկուա ինքզինք դրսեւորած է՝ որպէս պատասխանատու միջնորդ եւ բազմիցս իր գործունէութեամբ ապացուցանած՝ իր շինիչ ու պատասխանատու միջնորդական դերը։ Ան աւելցուց, որ յետագային եւս պիտի ըլլայ այդպէս։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յայտնած էր, որ Ռուսաստան ունի բոլոր լծակները՝ որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի մը սկսելուն թոյլ չտայ։ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը մեկնաբանելով Զախարովա ըսաւ.

«Մոսկուա ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ ունի յստակ դիրքորոշում մը, որ շարունակական է։ Բոլոր ջանքերը կեդրոնացած են միջնորդական դերակատարութեան վրայ, որու վերջնական նպատակն է երկու կողմերու համար ալ ընդունելի պայմանաւորուածութիւններու հասնիլը։ Թէ՛ Պաքու եւ թէ Երեւան գիտեն, որ Մոսկուա այդ առումով վստահելի գործընկեր մըն է։ Կողմերը վստահութիւն ունին Մոսկուայի եւ անոր դերակատարութեան նկատմամբ»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Զախարովա շեշտեց նաեւ, որ Ռուսաստան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի բարեկամ երկիր ըլլալով՝ հետաքրքրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ։ Անդրադառնալով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպման՝ Մարիա Զախարովա մատնանշեց, որ Մոսկուայի տեսակէտէ ողջունելի են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շփումները։ Բանբերը շեշտեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ Մոսկուայի յստակ դիրքորոշումը երբեք չէ եղած երկիմաստ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018