ՆՈՐ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ

Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա պետական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր ղեկավարը երէկ հասաւ Երեւան, ուր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Մաթարելլայի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Էնցօ Մուավերօ Միլանեսի, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ դուստրը՝ Լաուրա Մաթարելլա։

Երեւանի մէջ, նախագահական ապարանքի համալիրէն ներս Արմէն Սարգսեան իր պաշտօնակիցը դիմաւորեց զինուորական արարողութիւնով։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Պետական այցելութեան ծիրէն ներս Մաթարելլա այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, Մատենադարան եւ «Մերգէլեան» գորգերու արտադրութեան գործարանը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան երեկոյեան պաշտօնական ընթրիքով մը մեծարեց իր պաշտօնակիցը։ Այս առաւօտ ալ երկու նախագահներու մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Հայաստան-Իտալիա Մշակութային ժառանգութեան կեդրոնը։

Երեւանի եւ Հռոմի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն կը զարգանան կայուն թափով ու նոր հորիզոններ կը ստեղծուին անոնց առջեւ։ Ի շարունակութիւն այդ կարեւոր ձեռքբերումներուն՝ Մաթարելլա երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան կրնայ յոյս դնել Իտալիոյ աջակցութեան եւ բարեկամութեան վրայ։ Հիւր ղեկավարը Երեւանի մէջ ներկայացուց համագործակցութեան ուղղութիւնները եւ աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի խորացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Մաթարելլա միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ Իտալիա պիտի շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը կը տեսնէ խաղաղ ճանապարհով։

Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ Սերճիօ Մաթարելլան պարգեւատրեց Փառքի շքանշանով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018