ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՔՆՆԻՉ ԱՏԵԱՆ ԿԸ ԴԻՄԵՆ ԱՅՍՕՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման արձագանգները կը շարունակուին։ 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն բերումով, Սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ կը մեղադրուի Ռոպերթ Քոչարեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, իր փաստաբաններէն Արամ Օրբէլեան յայտնեց, որ այսօր Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման վերաբերեալ դատական որոշման դէմ բողոք պիտի յայտնեն Վերաքննիչ դատարանի մօտ։ Ըստ փաստաբանին, կ՚ակնկալուի, որ ներկայ շաբթուան ընթացքին Վերաքննիչ դատարանը հրապարակէ որոշումը այս մասին։

Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը, թէ՛ իր եւ թէ իր փաստաբաններուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները այս շրջանին լայն քննարկման առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքին մօտ։ Փաստաբան Վահէ Գրիգորեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Սահմանադրութիւնը «քարտ-պլանշ» մը չէ կեանքի իրաւունքի միջամտելու համար։ Իր կարգին, փաստաբան Սեդա Սաֆարեանն ալ նոյնպէս «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնեց, որ Ռոպերթ Քոչարեան խախտած է Սահմանադրութիւնը, բանակը ներքաշած՝ ներքին քաղաքական զարգացումներու մէջ՝ նպատակ ունենալով ամէն գնով պահել իշխանութիւնը։

Փաստաբանը մատնանշեց նաեւ, որ 1 մարտ 2008 թուականին պատահած տասն սպանութիւններէն որեւէ մէկու բացայայտման ուղղութեամբ Ռոպերթ Քոչարեանի վարչակազմը անդրադարձ չէ ըրած։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018