ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Սուրիոյ ներքին պատերազմը կը շարունակէ անմիջականօրէն բնորոշել միջազգային օրակարգը։ Երէկ, Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ միջազգային բանակցութիւններով դարձեալ օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ ներքին պատերազմի եւ ընդհանրապէս տարածքաշրջանի վերաբերեալ հարցեր։ Սոչիի մէջ երէկ սկսան բանակցութիւններ, որոնք Աստանայի գործընթացի տասներորդ փուլի քննարկումները կը բնորոշեն։ Այսօր ալ, նոյնպէս Սոչիի մէջ կը սկսի երաշխաւորներու ժողովը, որու նախօրեակին՝ երէկ, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի պատուիրակութիւնները թեքնիկ բանակցութիւններ վարեցին։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ՝ Արեւմուտքը ընդհանրապէս կ՚անտեսէ այս շփումները, սակայն Աստանայի գործընթացի երաշխաւոր երկիրները՝ Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կարեւոր աշխատանք կը տանին՝ Սուրիայէ ներս հրդեհը մարելու եւ կայունութիւն հաստատելու նպատակով։ Սոչիի ներկայ քննարկումներու առանցքին կը գտնուի Իտլիպի կացութիւնը։ Լարուածութենէ զերծ գօտիներ ստեղծելու ճանապարհին՝ ներկայ պայմաններով Իտլիպ դարձած է շատ կարեւոր կէտ մը։ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կարմիր գիծ կը համարէ՝ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի զօրքերու այդ քաղաքի վրայ չյարձակիլը։ Սոչիի բանակցութիւններուն Մոսկուայի կողմէ կը մասնակցի՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լավրենտիեւ։ Անգարան կը ներկայացնէ՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու Սետաթ Էօնալ։ Թեհրանի ներկայացուցիչն է՝ Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Հիւսէյին Անսարի։ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տը Միսթուրա եւս ներկայ կ՚ըլլայ Սոչիի բանակցութիւններուն։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կրնայ գալ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի վրայ ճնշում բանեցնելու պահանջը։ Բաց աստի, Սուրիայէ ներս սահմանադրական յանձնաժողովի մը ձեւաւորման խնդիրը եւ մարդասիրական ծանր հարցերը կը դառնան բանակցութիւններու առարկայ։

Սոչիի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կարեւորեցին՝ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումները։ Ընդհանուր ըմբռնում մը գոյացաւ՝ որպէսզի ընդդիմութիւնը եւ իշխանութիւնները փոխադարձ ազատ արձակեն գերիները։

Միւս կողմէ, Թուրքիա կը նախատեսէ յառաջիկայ սեպտեմբերի 7-ին Իսթանպուլի մէջ գագաթաժողով մը կազմակերպել Սուրիոյ ճըգ-նաժամին շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ այս գագաթաժողովին պիտի հրաւիրուին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։ Մոսկուա դրականօրէն արձագանգած է այս նախաձեռնութեան՝ լուծման ուղղեալ նոր գաղափարներու հասունացման ակնկալութեամբ։ Փարիզի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները տակաւին չեն արձագանգած։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վերջին օրերուն յայտնած էր, որ բացի քառեակի ձեւաչափով հանդիպումէն, ինք առանձին բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018