ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ 4 ՀԱՅ ՀՐԴԵՀԻ ԶՈՀ

Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ բռնկած հրդեհի մը զոհ գնաց չորս հայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սոչի քաղաքի Ատլերի շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ ծագեցաւ հրդեհը։ Երկյարկանի շէնքին մէջ պատահած դէպքին հետեւանքով ութ հոգի զոհուեցաւ, տասնմէկ հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։

Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հրապարակեց հրդեհին զոհ գացած հայոց անունները. Նիրվարդ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Նայիրա, Եւա  եւ Աննա Բարսեղեաններ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018