ԱՆՇԵՂ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նիստը, որ տեւեց շուրջ 6 ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ տագնապի այժմու փուլը եւ արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները։ Ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ նաեւ պաշտօնական զեկոյց մը, որու բովանդակութեան մէջ մատնանշուած է նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անընդհատ տեւականացման հանգամանքը։ Այս բոլորին առընթեր, «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու եւ «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ հարցերն ալ սեղանի վրայ էին ժողովին ժամանակ։

Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած ժողովէն վերջ մատնանշուեցաւ, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով ստեղծուած է իշխանութեան պարապութիւն մը, ինչ որ Թուրքիոյ դէմ սպառնալիքներու բարձրացման պատճառ կը դառնայ։ Սահմանային անվտանգութեան երաշխաւորման ծիրին մէջ կը նախատեսուի այդ շրջաններու ահաբեկչական բոլոր տարրերէ մաքրագործումը։ Խորհուրդի երէկուան նիստէն վերջ շեշտուած է, որ Թուրքիա ամենայն վճռակամութեամբ ջանքեր պիտի գործադրէ «խաղաղութեան միջանցքի» մը ձեւաւորման համար։

Ժողովականները նկատի առած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրիի Անգարայի մէջ ունեցած վերջին շփումներուն արդիւնքները։

Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ Թուրքիա հետամուտ է իր եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան իրաւունքներուն ու շահերուն պաշտպանութեան։ Այդ իրաւունքները կը բխին միջազգային իրաւունքէն։ Թրքական կողմը տարածքաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար կը ձգտի նպաստել համագործակցութեան զարգացման։ Համապատասխան սկզբունքային դիրքորոշման տեւականացումը կենսական համարուած է զեկոյցին մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019