ՀԱԿԱԴԱՐՁՄԱՆ ՔԱՅԼ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները սահմանի զանազան հատուածներէն դարձեալ ոտնձգութիւններ կատարած են եւ կրակ արձակած։ Վերջին օրերուն լարուածութիւնը թէեւ կեդրոնացած էր առաւել չափով Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ հատուածներուն վրայ, սակայն, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ օրուայ ընթացքին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հերթական անգամ սադրանքներ իրականացուցած են սահմանի այս անգամ Նախիջեւանի հատուածէն։ Ատրպէյճանի զօրքերը մասնաւորապէս թիրախաւորած են Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերը։ Հայկական զինեալ ուժերը պատասխան գործողութիւններով հանդէս եկած են եւ այսպէսով Ատրպէյճանի կողմը կրակը դադրեցուցած է։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ հայկական կողմէն բախումներու ընթացքին տուժողներ չեն եղած։ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները դիպուկահար զէնքեր եւ զանազան տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներ օգտագործած են դէպքերու ընթացքին։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Երեւան այս շրջանին դիւանագիտական գետնի վրայ կը փորձէ հանդէս գալ արշաւով մը։ Երէկ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Հայաստանի նամակը՝ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն վերաբերեալ։ Այս նամակը յառաջիկային պիտի հրապարակուի՝ որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնական փաստաթուղթ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան նամակ մը ուղարկեց Անվտանգութեան խորհուրդի յուլիս ամսուայ նախագահող Նիքոլա տը Ռիվիէրին։ Այս վերջինը ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցիչն է։ Հայկական կողմի նամակին մէջ ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող ոտնձգութիւնները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ։ Այդ բոլորը պատճառ դարձած են մարդկային կորուստներու։ Նամակին մէջ շեշտուած է, որ Ատրպէյճանի ակրեսիւ գործողութիւնները Հայաստանի դէմ կը զուգորդուին ամենաբարձր մակարդակով հնչած տարածքային պահանջներով, ռազմական գործողութիւններու սպառնալիքով, ազգային պատկանելիութեան հողի վրայ ատելութեան խօսքով։ Նոյն առթիւ ընդգծուած է, որ Հայաստան հաստատակամ է իր ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան ապահովման հարցին մէջ օգտագործելու ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունքը՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի հիմքով։ «Հայաստան հաւատացած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ համատեղ քաղաքական կարգաւորումը պէտք է ըլլայ խաղաղ ճանապարհով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ», նշուած է նամակին մէջ։ Այս պաշտօնական նամակը շրջանառութեան մէջ դրուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն համար եւ յառաջիկային պիտի հրապարակուի՝ որպէս Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնական փաստաթուղթ։

Բաց աստի, երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ օր մը առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութեան կապակցութեամբ։ Երեւան այս առթիւ ողջունեց համանախագահութեան մօտեցումները, որոնք կը նախատեսեն խաղաղ բանակցային գործընթացի վերսկսումը։ Ըստ հայկական դիւանագիտական գերատեսչութեան՝ համանախագահներու յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բանալին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորումն է։ «Մայիսի 12-էն սկսեալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու ներթափանցումը եւ վերջին օրերուն Հայաստանի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ յարձակումները յանգեցուցած են իրավիճակի սրման։ Հայաստան մշտապէս հանդէս եկած է իրավիճակի լիցքաթափման դիրքերէն եւ այս առընչութեամբ կարեւորած է յստակ առաջարկներ, մասնաւորապէս՝ ետ քաշել զինուորական ստորաբաժանումները մայիսի 11-ի դրութեամբ առկայ ելման դիրքերը։ Վստահ ենք, թէ Ատրպէյճանի գործողութիւններու հասցէական քննարկումը պիտի նպաստէ ստեղծուած պայթիւնավտանգ իրավիճակի յաղթահարման», նշուած է հայկական կողմի յայտարարութեան մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ համանախագահները օր մը առաջ կոչ ուղղած էին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որպէսզի անյապաղ հանդարտեցնել իրավիճակը, ձեռնպահ մնալ սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, ամբողջութեամբ կատարել 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ հրադադարի համաձայնեցման միւս պայմանաւորուածութիւնները, հնարաւորինս շուտ վերադառնալ բանակցութիւններուն իրենց հովանաւորութեան ներքեւ։

Բաց աստի, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ հաւաքոյթ մը կազմակերպեց միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն համար, որոնց ներկայացուց սահմանային շրջաններու բնակիչներու իրաւունքներու վերջին շրջաններու խտացեալ խախտումները։ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած միջազգային կառոյցներու եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ Արման Թաթոյեան հաղորդեց, որ ներկայացուած են փաստեր, որոնք հիմնականին կը վերաբերին՝ Ատրպէյճանի զինեալներու ներկայութեան Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերու գիւղերու հարեւանութեամբ եւ Սիւնիքի համայնքներու ճանապարհներուն մէջ։ Անոնց արարքները կը խախտեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու միջազգայնօրէն երաշխաւորուած իրաւունքները՝ ներառեալ կեանքի, սեփականութեան եւ միւս կենսական իրաւունքները։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։ Այս առթիւ Մոսկուա կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային իրավիճակի կայունացման։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Լրջօրէն մտահոգուած ենք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ վերջերս արձանագրուած զինեալ միջադէպերով, որոնք յանգեցուցած են մարդկային կորուստներու։ Դժբախտաբար, իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած»։ Կոչ ուղղելով Երեւանին եւ Պաքուին զերծ մնալ որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ ա՛լ աւելի վատթարացնել սահմանային իրավիճակը եւ տարաձայնութիւնները հարթել քաղաքական ու դիւանագիտական ճանապարհով՝ ռուսական կողմը կրկնած է իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի յառաջիկային ցուցաբերէ անհրաժեշտ ամբողջ աջակցութիւնը։ «Մտադիր ենք աշխոյժ աշխատիլ, որպէսզի Հարաւային Կովկասը վերածուի կայունութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման գօտիի մը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներու ստորագրած եռակողմանի յայտարարութիւններուն համահունչ», նշուած է Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021