ԱՄՆ ԿԸ ՀԱՇՈՒԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԹՈՒՂԻԻ ՄԸ ԲԱՑՈՒՄԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՎ՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻՈՅ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻԷՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն համոզուած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եթէ կարելի ըլլայ երթուղիի մը բացումը, ապա անոնք շատ աւելի նուազ կախուածութիւն կ՚ունենան Ռուսաստանէն ու Չինաստանէն, նաեւ աւելի լայն մուտք կ՚ունենան համաշխարհային շուկաներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս կազմակերպուած լսումներու ընթացքին Ճէյմս Օ՚Պրայըն Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման համատեսքին մէջ կարեւորեց հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հանգամանքը։ Ան շարունակեց.

«Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները անհաւանական հարուստ են եւ այժմ համաշխարհային շուկայ դուրս գալու համար անոնք միայն Ռուսաստանէն կամ Չինաստանէն կ՚անցնին։ Եթէ մենք կարողանանք բանալ երթուղի մը, որ կ՚անցնի Հայաստանով եւ Ատրպէյճանով, ապա անոնք շատ աւելի նուազ կախուածութիւն կ՚ունենան Ռուսաստանէն ու Չինաստանէն եւ աւելի մեծ մուտք կ՚ունենան դէպի համաշխարհային շուկաներ։ Այս բոլորի նպատակն է, որ պետութիւնները կարողանան ինքնուրոյն որոշել՝ դէպի միջազգային շուկաներ դուրս գալու ուղիները»։

Օ՚Պրայըն անդրադարձաւ այն դիտարկման, թէ վերջին տարիներուն Ատրպէյճան գրաւած է Հայաստանի սահմանակից կարգ մը տարածքները եւ այս պատճառով ան անվտանգային սպառնալիքներու կը բախուի ներկայիս։ Դիւանագէտը յիշեցուց, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ռուսաստան երաշխաւորած էր Հայաստանի անվտանգութիւնը, սակայն ձախողեցաւ, որովհետեւ Ատրպէյճան կարողացաւ ռազմական գործողութիւններու միջոցաւ վերահսկողութիւն սահմանել Լեռնային Ղարաբաղի յարակից որոշ շրջաններու վրայ։ Ըստ դիւանագէտին, այս բոլորէն վերջ Հայաստանի բնակչութիւնը փոխած է իր վերաբերմունքը Ռուսաստանի դէմ։ Երեւան պաշտօնապէս դիմած է Մոսկուային, որպէսզի «Զուարթնոց» օդակայանէն դուրս բերուին ռուս սահմանապահները։

Քոնկրէսի լսումներու ընթացքին Օ՚Պրայըն դիտել տուաւ, որ Ուաշինկթըն վճռական աջակցութիւն ցոյց կու տայ վերջին շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ գործադրուած խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերուն։ Իր խօսքով՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հիասթափուած են իրենց յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին Ռուսաստանի ներգրաւուածութենէն։

Բաց աստի, դիւանագէտը նշեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են սահմանազատման շուրջ։ Անոնք պայմանաւորուած են, թէ ուրկէ պէտք է անցնին սահմանային գիծերը։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան ու ռազմավարական տարածքներու բռնագրաւման՝ Օ՚Պրայըն ըսաւ.

«Երկու կողմերն ալ համաձայնած են սահմանազատման գործընթացի շուրջ։ Կան որոշ հատուածներ, որոնք երկու կողմերն ալ տակաւին կը վերահսկեն, բայց, հաւանական է, անոնք կը նահանջեն սահմաններու համաձայնեցումով։ Այս առումով յատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն բարձր լեռնային շրջանները։ Բայց կրկին կը շեշտեմ, որ սա գործընթաց մըն է, որու վրայ կ՚աշխատին երկու երկիրները»։

Օ՚Պրայըն աւելցուց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան բանակցութիւններ կը վարեն խաղաղութեան համաձայնագրի մը շուրջ, որու մաս կը կազմէ նաեւ սահմանազատումը։

Ծերակուտականներուն առջեւ Օ՚Պրայըն նշեց նաեւ, որ Հայաստան գրեթէ ամբողջութեամբ՝ տնտեսապէս ու ուժանիւթի առումով կախուած է Ռուսաստանէն։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ շատ ժամանակ կը տրամադրէ Հայաստանի նիւթին։ «Կ՚ուզենք Հայաստանի համար հնարաւոր դարձնել դիմել խիզախ քայլերու, դէպի որոնց կ՚առաջնորդէ Փաշինեան։ Խօսքը Ռուսաստանի հետ խզման մասին է։ Քանի մը ամիս առաջ հանդիպած ենք վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ հաստատած Ռուսաստանէն Հայաստանի կախուածութիւնը նուազեցնելու նոր հարթակ։ Հայաստան գրեթէ ամբողջութեամբ՝ տնտեսապէս ու ուժանիւթի առումով կախուած է Ռուսաստանէն։ Մենք սա պէտք է տեսակաւորենք», ընդգծեց Օ՚Պրայըն, ըստ որու Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը փափաքի աւելի հեռանալ Ռուսաստանէն եւ իրենք այս ուղղութեամբ պայմաններ կը ստեղծեն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2024