ԻՍՄԱՅԻԼ ՀԱՆԻՅԷ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ

«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէ սպաննուեցաւ Թեհրանի մէջ։ Այս դէպքը Կազզէի արիւնալի պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ ռումբի ազդեցութիւն գործեց։ Իսրայէլ լայնածաւալ պայքար կը մղէ «Համաս»ի դէմ, որ Պաղեստինի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի։ Իսմայիլ Հանիյէ երէկ Թեհրանի մէջ մասնակցած էր Իրանի նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութեան։ Ան աւելի վերջ Թեհրանի բնակարանին մէջ ենթարկուեցաւ յարձակման մը։ Իրանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հանիյէ զոհ գացած է ահաբեկչութեան։ Նոյն դէպքի ընթացքին մահացած է նաեւ Հանիյէի թիկնապահներէն մին։

Իսրայէլի բանակը երէկուան արարողութենէն վերջ օդային յարձակում մը կազմակերպած է՝ Հանիյէի Թեհրանի բնակարանին վրայ։ «Համաս»ն ալ պաշտօնապէս հաղորդեց, որ Հանիյէ սպաննուած է սիոնիստներու յարձակումով։

Անցեալ ապրիլին Իսմայիլ Հանիյէի երեք որդին ու չորս թոռը նոյնպէս սպաննուած էին։ Հանիյէ դէպքէն վերջ յայտարարած էր, թէ իր զաւակները չեն լքած Կազզէն ու իրենց կեանքը նուիրաբերած են՝ Երուսաղէմի եւ Մեսճիտի Աքսայի փրկութեան ճանապարհին։ Հանիյէ 6 մայիս 2017 թուականին «Համաս»ի քաղաքական պիւրոյի ղեկավար ընտրուած էր յաջորդելով Հալիտ Մեշալին։

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու հրահանգած է, որ բացարձակ լռութիւն պահուի այս կապակցութեամբ։ Սպիտակ տան պաշտօնատարներէն մին ալ CNN-ին յայտարարած է, որ տեսած են այն լուրերը, ըստ որոնց Հանիյէ Իրանի մէջ սպաննուած է։

Մոսկուան ալ արձագանգեց մահափորձին։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ սա անընդունելի քաղաքական սպանութիւն մըն է եւ դէպքը կրնայ հրահրել նոր լարուածութիւն։

Թուրքիան ալ անմիջապէս արձագանգեց այս դէպքին։ Անգարայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ բողոք հնչեց՝ մինչ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Պաղեստինի ժողովուրդին։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Պաղեստինի ժողովուրդի արդար դատին։ «Նեթանիյահուի կառավարութիւնը անգամ մը եւս ի յայտ բերած է, որ խաղաղութեան հասնելու մտադրութիւն չունի։ Միեւնոյն ժամանակ այս յարձակումը կը հետապնդէ Կազզէի պատերազմը ամբողջ տարածաշրջան ընդլայնելու նպատակը։ Եթէ միջազգային հանրութիւնը շարժման չանցնի Իսրայէլը կասեցնելու համար, ապա մեր տարածաշրջանը շատ աւելի մեծ բախումներու դէմ յանդիման պիտի մնայ», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը արձագանգեց Հանիյէի սպանութեան։ Ան յոյս յայտնեց, որ իսլամական աշխարհի ամուր կեցուածքով եւ համամարդկային ջանքերով Կազզէի ցեղասպանութիւնը կանգ պիտի առնէ, տարածաշրջանէն ներս Իսրայէլի հրահրած ահաբեկչութիւնը անպայման վերջ պիտի գտնէ եւ անդորրութիւն պիտի հաստատուի տարածաշրջանին ու աշխարհին մէջ։ Էրտողան նահատակ Իսմայիլ Հանիյէի ընտանիքին մաղթեց համբերութիւն եւ Կազզէի ու Պաղեստինի բնակիչներուն, նաեւ ամբողջ իսլամական աշխարհին յայտնեց ցաւակցութիւններ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2024