ՀԱՄԱՏԵՂ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերը շաբաթավերջին միասնաբար ռմբակոծեցին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) դիրքերը։ Այսպէսով թուրք եւ ամերիկեան զօրքերը գործնականօրէն ձեռնարկած են ԻՇԻՊ-ի դէմ համատեղ օդային գործողութիւններու։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այս կապակցութեամբ կատարուած յայտարարութեան մէջ ընդ-գըծւեցաւ, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ որպէսզի ԻՇԻՊ-ի դէմ ներկայ պայքարը խորացուի առաւել եւս։ ԻՇԻՊ-ի դէմ ստեղծուած միջազգային համախոհութեան մասնակից Թուրքիան օդային գործողութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ թեքնիկ բնոյթով փաստաթուղթ մըն ալ վերջին օրերուն ստորագրած էր Միացեալ Նահանգներու հետ։ Այսպէս, միջազգային համախոհութեան հետ Թուրք ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծած են ԻՇԻՊ-ի թիրախները, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ մէջ։ Նախարարութիւնը մասնաւորապէս շեշտած է, որ այդ թիրախները սպառնալիք մը կը նկատուին նաեւ Թուրքիոյ անվտանգութեան համար։ Ընդգծուած է նաեւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարը Թուրքիոյ տեսակէտէ առաջնահերթ ազգային անվտանգութեան խնդիր մըն է եւ այդ պայքարը պիտի շարունակուի վճռակամութեամբ։
Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած այս միջազգային համախոհութեան զօրքերը շաբաթավերջին ռմբակոծեցին Հալէպի հիւսիս-արեւելեան շրջանի Մունպիճ գաւառակը, ուր կը գտնուի ԻՇԻՊ-ի կեդրոնը։ Նոյն աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ միջազգային համախոհութեան ռազմաօդային զօրքերը ոչնչացուցած են թիրախները։
Անգարայի աղբիւրները նոյնպէս տեղեկացուցին, թէ այս գործողութիւններուն նպատակն է Սուրիոյ Թուրքիոյ սահմանամերձ հատուածէն ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելը։ Թրքական կողմը սոյն գործողութիւններու առաջնահերթ նպատակներէն մին կը համարէ ԻՇԻՊ-ի Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն հեռացուիլը։ Որքան որ ալ Ուաշինկթընի հետ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյացած չըլլայ, Անգարա յաճախ կ՚անդրադառնայ անվտանգ գօտիի մը ստեղծման հարցին։ Արդարեւ, Թուրքիա այս պարագային լուրջ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ իր սահմանի անվտանգութեան բերումով։ Այս գործողութիւնները, միեւնոյն ժամանակ, առիթ հանդիսացած են, որպէսզի թրքական ռազմաօդանաւերը առաջին անգամ պաշտօնապէս մուտք գործեն Սուրիոյ օդային մարզը։